Մուսա Լերան Վաքըֆ Գիւղին Կ՛անդրադառնայ Թրքական Թերթը

1807_Vakifli«Ակունք» կը գրէ, որ թրքական «Ճանլը հապեր» կայքը յօդուած մը հրատարակած է Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղին` Վաքըֆի մասին` կոչ ուղղելով այցելել այդ գիւղը:

«Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը կը գտնուի Հաթայ (Ալեքսանտրէթ) նահանգի Սամանտաղի շրջանին մէջ` Մուսա լերան լանջերուն: Անիկա 30 քիլոմեթր հեռու է Սուրիոյ սահմանէն: Բացի այն, որ գիւղին մէջ միայն հայեր կ’ապրին, գիւղի միւս կարեւոր հանգամանքն այն է, որ այնտեղ կը զբաղին օրկանիք գիւղատնտեսութեամբ: Գիւղը օրկանիք միրգեր արտածելով` միայն 2004 թուականին Թուրքիոյ ապահոված է մէկ միլիոն եւրոյի եկամուտ: Վաքըֆ գիւղը պարգեւատրուած է նաեւ Թուրքիոյ ազգային ողիմպիական կոմիտէի կողմէն` հասարակական մարզական աշխուժութեան մրցանակով:

«Գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին 1997 թուականին ամբողջական վերանորոգման ենթարկուած է եւ ստացած այսօրուան տեսքը: Այդ եկեղեցւոյ մէջ գիւղի հայ բնակչութիւնը ամէն տարի կը շարունակէ նշել Ս. Ծնունդը, Ս. Զատիկը, Ս. Աստուածածնի տօնը: Գեղեցիկ տեսարան ունեցող, օրկանիք միրգեր ունեցող եւ աւանդութիւնները շարունակող գիւղը կը սպասէ այցելուներու», գրած է «Ճանլը հապեր» կայքը:

Share this Article
CATEGORIES