Սուրիական Օրագրութիւն – 55

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Հեռաւոր ու ազնիւ բարեկամի մը, որ ինձմէ
Հալէպի ծաղկումին երգը կը սպասէ լսել:

Լ. Մ.

_67440128_67438706Եթէ դուք երբեւէ եղած էք հնագոյն քաղաքի մը աւերակներու մէջ, եթէ դուք կրցած էք հոն լսել դարերուն լռութեան հոսիլը ու մտովին դիտել երբեմնի շէն ու շքեղ քաղաքին աշխուժ կեանքը, հնամենի աւերակները շոյող հովի ձայնին ականջալուր` եթէ կրցած էք լսել ասպետներու ձիերուն դոփիւնը սալայատակներուն, շուկային եռուզեռը, առեւտրականներու գովերգութիւնները, մանուկներու կանչերուն ու աղջիկներու ծիծաղին արձագանգները… Եթէ ապրած էք այդ պահը, դուք այսօր դժուարաւ պիտի մտնէք հինաւուրց Հալէպի ձեզի լաւ ծանօթ հին թաղերը: Թէեւ հարիւր տարին պատմութեան համար ակնթարթ մըն է ու այդ չափանիշով, ըսենք` Ճիտէյտիէի հետ բաղդատած, Հայոց թաղամասը` Նոր Գիւղը մանկահասակ է, սակայն սէրը մի՞թէ տարիք կը ճանչնայ: Ու կրակն ալ չէ՞ որ ինկած տեղը, այսինքն` սիրող հոգիները կ՛այրէ:

Եթէ, յուսամ, այս անունը ձեզի ձանձրոյթ չի տար ու ձեր ուրախ տրամադրութիւնն ալ խաթարելու յանցանքի մէջ չէ, ուրեմն կրնամ կրկին անոր անդրադառնալ, քանի որ երակը դեռ բաց է ու կը հոսի արիւնը… Ամէն պարագայի` կը խնդրէի, որ այս հատուածը առտուան սուրճէն առաջ չկարդայիք, որ ձեր օրը «չհարամուէր», կամ` կէսօրուան ճաշէն առաջ, որ կարենայիք ախորժակով ճաշել, նաեւ` ընթրիքէն ալ առաջ, որ գիշերն ալ մղձաւանջ-երազներ չտեսնէք: Հալէպը, որ առաջ ձեր երազներուն կու գար փախլաւայի, հատալիայի, լահմաճիւնի ու այլազան համերու հրաշալիքներով, այսօր դառնահամ միայն ունի:

Լաւատեսութեան ներքին բոլոր պահեստներս բանալու կարիք ունիմ, եթէ ուզեմ անոր վերածաղկումին հաւատքը ներշնչել ձեզի: Անոր այսօրը միայն կը ճզմէ աննիւթեղէն հոգիս ու նիւթեղէն արցունքի ձեւով կ՛իջնէ աչքերէս, կը լլկէ, անվերջ կը լլկէ հայը իմ մէջ:

Միակ մխիթարանք` տեսնէի՜ք անոնք, որոնք յամա՛ռ, աննկո՛ւն, անխոնջ, տակաւին պայքարի մէջ են կործանումին դէմ ու կը ջանան, հակառակ ամէն վտանգի, կեանք պահել Նոր Գիւղին մէջ: Լո՛ւռ հերոսներ, գիշեր-ցերեկ ծառայող, հաւատաւո՛ր, պայծառ իմ տղաքս ու աղջիկներս:

Բայց այսօր չեմ ուզեր ձեզի աւերակներու երգը երգել. կ՛ուզեմ զուարճացնել նաեւ, ու յետ կու տամ պատմութեան անիւը:

Դուք մի՛ նայիք արդէն ոչինչէ վախցող, ոչինչէ լիարժէք ուրախացող կամ տխրող, ոչինչ սպասող, ոչինչ յուսացող, մահուան հետ միանգամայն հաշտ ու մահացածին վրայ արցունք մ՛իսկ թափելու այլեւս անընդունակ դարձած, ամէն ինչի հանդէպ անտարբեր, գոյութիւն քաշքշող հալէպցիին: Բոլոր անոնց ու նաեւ աւերակներուն դէմ աչք ու միտք գոցած, եթէ փորձենք մտովին վերադառնալ երեք տարի առաջուան մեր Նոր Գիւղը, ամբողջ հոգիով պիտի ըսենք` «Էրնէ՜կ այն օրերուն»: Պիտի ըսեն նոյնիսկ «էքեպեր» թաղերուն մէջ ապրող այն «զարգացածները», որոնք չէին հաւնիր Նոր Գիւղը: Կը ջանան մոռնալ ալ, որ իւրաքանչիւրին կա՛մ պորտը կտրուած է Նոր Գիւղ, կա՛մ առաջին թոթովանքները ու առաջին երեք քայլերը ըրած են հոն, կա՛մ սեւաչուի մէկու մը հայեացքէն տրոփած է  մատղաշ սիրտը…

Հարազատ էր ան իւրաքանչիւրիս, խոստովանէինք կամ ոչ, թէեւ հոն նեղ էին փողոցները ու ամենալայնը` «պողոտայ» կոչուածը հազիւ տաս մեթր լայնք ունի, թէեւ յաճախ չէր փայլեր իր մաքրութեամբ, քանի որ հայեր իրենց տուներու մաքրութեան խիստ բծախնդիր, սակայն փողոցը կը նկատէին չէզոք տարածք: Իրենց հոգը չէր, թէ ո՛վ պիտի մաքրէ, նաեւ, յաճախ, աղբահաւաքին ալ հոգը չէր: Ու մեր խանում-խաթուն տիկինները երբ փողոց ելլէին, անկիւնները կուտակուած աղբին տեսքէն կը ծռմռէին սիրունիկ երեսները. «Անշնորհքնե՛ր, նայէ՛ աղբը ուր դրեր են», կը նետէին անյայտ ուղղութեամբ: Իրաւունք ալ ունէին, քանի որ իրենք գիշերուան մէկ ամայի պահուն կամացուկ մը, բարեկիրթ ձեւով, նետած էին աղբը փողոց. պո՛ւմ, ու յաջորդ վայրկեանին պատշգամը մարդ չկայ…

Է՜, ի՜նչ օրեր էին….

Զուարճալիքներ շատ կային Նոր Գիւղ, կեա՛նք կար: Չէ՛, նկատի չունիմ ազգային հիմնարկ- կեդրոններու եռուն կեանքը, նկատի չունիմ նաեւ համատարած շուկան, լաւագո՛յնը քաղաքին մէջ: Լաւագո՛յն ապրանքները, յատկապէս` սննդեղէն, դուն Նոր Գիւղէն միայն կրնայիր գնել, քանի որ «հայերը գիտեն իրենց բերնին համը», քանի որ հայերը շա՜տ կը տարբերին «կծծի հալէպցիներէն» ու… սակաւապետ տեղացիներէն: Հայը գիտէ՛ վայելել կեանքը: Նկատի չունիմ նաեւ կիրակիները հայոց «օճախներէն» ոլոր-մոլոր ելլող ծուխերը քեպապի, երբ Շէյխ Մախսուտէն վարի աշխարհը դիտող քիւրտը պիտի կարծէր, թէ հրդեհ կայ Նոր Գիւղ: Նկատի չունիմ նաեւ, որ փողոցէն անցած պահուդ իմաստութիւն պիտի ըլլար միշտ հովանոցով քալելու. ինչո՞ւ. ահա՛ պատճառներ.

Եթէ մազերդ գանգուր են (որ վերջին նորոյթ է արդէն քանի տարի), հոն շատ հանգիստ կրնային իջեւանել նրբաճաշակ մեր տիկիններու «չրթած» ձմերուկի կուտին կեղեւները. ու եթէ վեր նայէիր յանդիմանանքով` արհամարհական հայեացքի կ՛արժանանայիր միայն. ո՜վ ես եղեր, որ քեզմէ ներողութիւն խնդրէ:

Աւելի զուարճալին կայ. կին մը, դեռ նոր «քուաֆերէն» ելած, սիգալով կը քալէ նեղ թաղերէն մէկէն, ինքզինք ամենաքիչը Փարիզ կը զգայ ու հակառակ դարուփոսերուն մէջ իյնալու վտանգին` միշտ վեր է գլուխը, յանկարծ այրուածի հոտ կ՛առնէ. չ՛անդրադառնար, մինչեւ որ արհեստաւոր մը քաշուելով կ՛ըսէ, թէ ծո՜ւխ կ՛ելլէ կնոջ գլուխէն. ու քանի որ կինը կը տագնապի, երիտասարդը զգուշութեամբ, որ չխանգարէ սանրուածքը, անոր մազերուն մէջէն կը վերցնէ այրուող սիկարեթին մնացորդը…

Ուրի՞շ. չէ՛, չեմ խօսիր ուրբաթի մասին, երբ կա՛մ տունը պիտի նստէիր, կա՛մ անպայման հովանոցով պիտի ելլէիր, քանի որ Նոր Գիւղի թաղերուն մէջ ուրբաթ առտուները անպայման անձրեւ կը տեղար, թէկուզ եւ օդերեւութաբանական կայանը այդ մասին յայտնած չըլլար… հիմա ո՜ւր է ջուր, որ անձրեւ տեղան… չէ՞ք ըսեր`  «էրնէ՜կ այն օրերուն…»:

Ուրի՞շ. ուրիշ տեղ չեմ գիտեր, բայց Նոր Գիւղ երբեմն ալ տաք անձրեւ կը պատահէր: Պարոն մը միտքերով տարուած` կը քալէ: Մայթերը շատ նեղ են, տեղ-տեղ` քանդուած, ու որքան ալ ուզէ պատշգամներու տակէն քալել, կարելի չէ: Լուռ ու հանգիստ քալող, պատկառելի տարիքի մարդը յանկարծ կը ցնցուի, կը ցատկռտէ ու կը պոռայ. ի՞նչ եղած է. մեծ բան մը չէ՜, կին մը օճճէ տապկեր ու այրուած բուսաիւղը տապկոցէն ուղղակի փողոց կը նետէ. ապա ո՞ւր լեցնէր «զիֆիրը»… Մարդը այրուած վիզին ցաւէն լացը հազիւ կը զսպէ, մինչ կինը վերէն կը կանչէ. «Ամա՜ն, լա՛ւ որ մէջը ջուր խառնած էի, ցօղուեմ տէյի…»…

Ու հիմա, ի՞նչ կը կարծէք, ծոծրակը այրուած պարոնն ալ (ուր որ է` ականջը կանչէ) շոյելով այրուածքին տեղը չ՛ըսե՞ր` «Էրնէ՜կ այն օրերուն»…

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES