Արուեստի Աշխարհէն. Մոնա Լիզա Կրնա՞յ Հանգիստ Ննջել

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԴԱՄԲԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԻՆՔՆԱԿՈՉ ՀԵՏԱԽՈՅԶ ՄԸ ԿԸ ՓՆՏՌԷ ՄՈՆԱ ԼԻԶԱՅԻ ԱՃԻՒՆՆԵՐԸ: ՍԱԿԱՅՆ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՅՈՒՍԱՅ ԳՏՆԵԼ ԱՆ: ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՏԱ ՎԻՆՉԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԾ Է ՄՈՆԱ ԼԻԶԱՅԻ ԺՊԻՏԸ` ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՄՏԱԾԵԼ ՏԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԹԷ ԲՈԼՈՐՍ ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԵՆՔ ԱՐԺԱՆԱՎԱՅԵԼ ՁԵՒՈՎ ԿՏՐԵԼ ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ: «ՄՈՆԱ ԼԻԶԱ. Է ԼԱՅՖ ՏԻՍՔԱՒԸՐՏ» ԳԻՐՔԻ ՀԵՂԻՆԱԿ ՏԱՅԱՆ ՀԷՅԼԶ «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՄԵՐՕՐԵԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՆՈՅՆԻՍԿ ՄԵՌԵԼՆԵՐԸ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ԽՈՅՍ ՏԱԼ ՓԱՓԱՐԱՑԻՆԵՐԷՆ:

985mon1Մոնա Լիզա Կերարտինի տել Ճիոքոնտօ կը շարունակէ վերնագիրներ խլել 15 յուլիս 1542-ին իր մահէն դարեր ետք: Վերջին երկու տարիներուն աշխարհի տարբեր կողմերէն լրագրողներ փութացած են Ֆլորանս` տեղեկագրելու համար զգայացունց պեղումներու մասին, որոնք կրնան ի յայտ բերել (կամ չբերել) մնացորդները Լէոնարտօ տա Վինչիի բնորդին եւ անոր ընտանիքին: Կ՛ակնկալուի, որ գիտաշխատանոցներու մէջ նորագոյն քննութիւններու եւ վերլուծումներու արդիւնքները հրապարակուին շուտով:

«Ի՞նչ է հաւանականութիւնը հաստատելու պատկանելիութիւնը Լիզա Կերարտինիի մնացորդներուն», հարց տուի Սիլվանօ Վինչեթիի. ինքնակոչ «աճիւններ փնտռող» մը, որ կը ղեկավարէ լուսարձակներ իր վրայ հրաւիրած փնտռտուք մը:

985mon2«Քառասուն առ հարիւր», անվարան եւ առանց յաւելեալ բացատրութեան պատասխանեց անընդհատ ծխող, արագ խօսող եւ ջղուտ այս մարդը: Սակայն արուեստի պատմաբաններ, որոնք անոր «դամբարաններու վրայ յարձակումը» կը քննադատեն իբրեւ ցնցիչ եւ վանողական զգայացունց արարք մը, շատ աւելի նուազ համեմատութիւն մը կը նախատեսեն:

«Մոնա Լիզան հանգիստ ձգեցէ՛ք», կ՛որոտար Վատիկանի թանգարաններու վարկ վայելող տնօրէն Անթոնիօ Փաուլուչի: Սակայն հաւանական չէ, որ Մոնա Լիզա հանգիստ մնայ, երբ ամբողջ աշխարհը չի դադրիր անհամբեր հետեւելէ պեղումներուն:

Ոչ ոք գիտէր, թէ ո՛ւր կը գտնուին Մոնա Լիզայի աճիւնները, մինչեւ 2007, երբ «Մոնա Լիզա ռիվիլտ» (Մոնա Լիզա յայտնաբերուած) գիրքի հեղինակ Ճիուսեփփէ Փալլանթի տեղեկագրեց Սանթ՛Օրսոլայի մայրապետներու վանքին մէջ անոր մահուան արձանագրութեան իր յայտնաբերումը: 1538-ին իր ամուսինին` Ֆրանչեսքօ տել Ճիոքոնտոյի մահէն ետք Մոնա Լիզա փոխադրուած է մայրապետներու վանքը, ուր իր կրտսեր աղջիկը ուխտած էր ծառայել: Վանքը կը գտնուէր անոնց ընտանեկան բնակարանէն քիչ մը անդին: 1542-ին իր մահէն ետք Մոնա Լիզա թաղուած էր ոչ թէ Ճիոքոնտոներու ընտանեկան դամբարանին մէջ, որ կը գտնուէր Ֆլորանսի Սանթիսիմա Անունցիաթա մատրան մէջ, այլ` վանքին:

Նման դասաւորումներ արտասովոր չէին: Առանձնաշնորհեալ կիներ, որոնք բաւական զօրաւոր անհատականութեան տէր էին` ընտրելու համար իրենց թաղման վայրը, «մեծ մասամբ կը նախընտրէին թաղուիլ այլ կիներու հաւաքականութեան մը հետ, քան թէ` իրենց ամուսինին կամ հօր, ինչպէս կը գրէ Մարկարեթ Կրին` իր «Ուիմէն ին տը Ռընեսանս» (կիներ` Վերածնունդի ժամանակներուն) գիրքին մէջ: Կին մը իր կատարած վերջին ընտրութեամբ կրնար ժխտել «անցեալի բոլոր որոշումները», զորս տղամարդիկ իրենց համար կայացուցած էին իրենց կեանքին ընթացքին:

Սանթ՛Օրսոլա վանքը ապասրբացուած է Նափոլէոնի օրով, 1800-ական տարիներու սկիզբը: Այնուհետեւ վերածուած է ծխախոտի գործարանի, ապա` համալսարանի դասախօսական սրահի` նախքան ներկայ խծբծուած պատերով կիսափուլ կառոյց մը դառնալը: Խմբագիր մը զայն կոչած է «Ֆլորանսի ամօթը», եւ ֆլորանսցիք երկար ժամանակէ ի վեր կը պահանջեն մաքրել քաղաքին «աչքի փուշը»:

985mon3Վինչեթի, որ հիմնած է պաշտօնական անունի պէս հնչող Իտալիոյ Պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան յանձնախումբը, 2012-ին Սանթ՛Օրսոլայի մէջ մէկտեղուած պատկերասփիւռի կայաններու նկարահանող գործիքներուն լուսարձակներուն տակ յայտարարած էր, թէ իր գլխաւորած խումբին հետ մատրան տակ բացուած դամբարանէ մը ի յայտ բերած էր մարմնի շարք մը մնացորդներ, եւ թէ` մարմիններէն երեքը թաղուած էին 16-րդ դարուն:

Արդեօք այս մարմիններէն որեւէ մէկը կը պատկանի՞ Լիզա Կերարտինիի: Նկատի ունենալով, որ հարիւրաւոր կիներ ապրած են եւ մեռած` Սանթ՛Օրսոլայի մէջ, այս հարցումին պատասխանը գտնելու միակ միջոցը ոսկորի մը կամ ակռայի մը ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջներու բաղդատութիւնն է ծանօթ ազգականի մը աճիւններուն տուեալ բջիջներուն հետ: Գլխաւոր թեկնածուն Մոնա Լիզայի անդրանիկ զաւակն է. Փիեռօ տել Ճիոքոնտօ մեռած է 1569-ին` 73 տարեկանին եւ թաղուած է Սանթիսիմա Անունցիաթա մատրան մէջ:

985mon4Այս տարուան սկիզբը հետախոյզներ իջան ստորերկրեայ դամբարանը եւ պատկերասփռեցին քարէ դարաններու վրայ տարբաղադրուող աճիւններու մեռելաշունչ նկարներ: Գէթ տեսականօրէն` Տել Ճիոքոնտոներու դամբարանին եւ Սանթ՛Օրսոլայի աճիւններուն միջեւ ծինական ժառանգութեան պատասխանատու յար եւ նման բջիջներու յայտնաբերումը կրնայ փաստել ինքնութիւնը Փիեռոյի եւ անոր մօր` Մոնա Լիզայի: Սակայն նկատի ունենալով, որ աճիւնները գրեթէ փճացած են, գիտաշխատողներ այնքան ալ լաւատես չեն:

Եթէ քննութիւնները ցոյց տան ծինական նմանութիւն մը, Վինչեթի, որ արուեստի պատմութեան եւ աճիւններու քննութեան մասնագէտ մը չէ, վերակառուցել պիտի տայ Մոնա Լիզայի դէմքը, ինչ որ «յստակօրէն ցոյց պիտի տայ անոր դիմագիծը», ինչպէս կ՛ըսէ ան: Ակադեմականներ բուռն մարտահրաւէրներ կ՛ուղղեն այս հաստատումին դէմ: Նոյնինքն Լէոնարտօ հաւանաբար պիտի չճանչնար իր 20-ական տարիքի բնորդը` հիմնուած 63 տարեկան կնոջ մը վերակառուցուած գանկին վրայ, որ 472 տարիէ ի վեր կը փտի գերեզմանի մը մէջ:

Վստահաբար ոչ մէկ գանկի մնացորդ կամ անոր վերակառուցումը կրնայ արտացոլել 3 տարաչափութեամբ դիմանկարը կնոջ մը, որուն ժպիտը կը շարունակէ համակել մեզ: Հետեւաբար ի՞նչ է այս անիրապաշտ փնտռտուքին նպատակը. խթան մը` Ֆլորանսի զբօսաշրջութեան համար, ինչպէս կը շեշտէ Վինչեթի: Ծինական ինքնութեան մը հաստատումը կրնայ շարժառիթը դառնալ բորբոսող Սանթ՛Օրսոլայի վերանորոգումին` իբրեւ Ֆլորանսի վաղուց մոռցուած զաւկին արժանավայել հանգստեան վայրը:

Այսուհանդերձ, Մոնա Լիզայի աճիւններէն շատ աւելի հետաքրքրութիւն կ՛արթնցնէ անոր ապրած կեանքը իբրեւ Ֆլորանսի Վերածնունդի ժամանակներու զաւակ եւ առեւտրականի կին, սիրող մայր եւ արուեստագէտի մը անմոռանալի մուսան:

 

Կիներու Դատի Պաշտպա՞ն

985mon5նչո՞ւ Լէոնարտօ տա Վինչիի պատկերած հոյակապ կինը կը ժպտայ:

Այս հարցումը դարերէ ի վեր տանջած է ուղեղը արուեստի պատմաբաններու, որոնք ձգտած են լուծել խորհրդաւոր գաղտնիքը: Այժմ ամերիկացի պատմաբան մը կը վիճարկէ նոր տեսութեամբ մը. Մոնա Լիզա կիներու դատի պաշտպան մըն էր, իսկ անոր նուրբ ժպիտը հաւանաբար կիներու իրաւունքներու հաստատում մըն էր:

«Տը լէյտի սփիքս. անքաւըրինկ տը սիքրըթց աֆ Մոնա Լիզա» (տիկինը կը խօսի. Մոնա Լիզայի գաղտնիքները բացայայտելով) իր գիրքին մէջ Ուիլիըմ Վարվըլ կը մանրամասնէ իր տեսութիւնը Լա Ճիոքոնտայի (Մոնա Լիզա այս անունով ճանչցուած է իտալերէնով) մասին եւ կ՛ըսէ, թէ ան կը ներկայացնէ 16-րդ դարուն ապրած կիներու դատի պաշտպան մը: Վարվըլ Իտալական Վերածնունդի ժամանակաշրջանի մասնագէտ է եւ կը վիճի, թէ Մոնա Լիզա սեռերու հաւասարութեան գաղափարի ռահվիրաներէն էր եկեղեցիին մէջ:

«Լա Ճիոքոնտա կը փորձէր մարդոց հաւատացնել, թէ երկնային քաղաքը երկրի վրայ իրականութիւն պիտի դառնայ այն պահուն, երբ ընդունինք կիներու աստուածաբանական իրաւունքները», կ՛ըսէ ան:

Վարվըլ կ՛ակնարկէ Աստուածաշունչին մէջ Նոր քաղաքի մը յայտնութեան մարգարէութեան, որ ոմանց կարծիքով կը վերաբերի մարդկային կատարեալ հաւաքականութեան մը ստեղծումին: Այսուհանդերձ, ան կը վիճի, թէ այս նոր քաղաքը կամ «Նոր Երուսաղէմը» ծնունդն է մարդոց մտածումներուն, կամ, այլ խօսքով, այն է, ինչ որ կը տեսնենք Մոնա Լիզայի ժպիտին ետին:

Թէեւ Վարվըլ նոր հայեցակէտով կը դիտէ Մոնա Լիզայի ժպիտը, սակայն կը թուի, թէ անիկա շատ բան չ՛ըսեր նոյնինքն Մոնա Լիզայի մասին: Վարվըլի տեսութիւնը, որուն վրայ ան աշխատած է 12 տարի, կեդրոնացած է գեղանկարին մէջ պատկերուած կնոջ վրայ, այնպէս` ինչպէս կը տեսնենք զայն, եւ ոչ` իրական կնոջ, որ այնքան ալ խորհրդաւոր անձ մը չէ:

Կը տիրէ այն կարծիքը, թէ Մոնա Լիզա իրականութեան մէջ Լիզա Կերարտինին էր, կինը ֆլորանսցի առեւտրականի մը, որ ապսպրած էր դիմանկարը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES