Թուրքիոյ Փոխվարչապետին Ցուցմունքով Ոստիկանները Կիրակի Օրերը Պիտի Հսկեն Եկեղեցիներուն

Պիւլենթ Առընչ
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Ակօս» շաբաթաթերթը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ Պոլսոյ Եշիլքէօյ թաղամասի լատինական եկեղեցւոյ դէմ տեղի ունեցած յարձակումէն ետք յանցագործները յայտնաբերել չկրցած ոստիկաններուն ցուցմունք տուած է կիրակի օրերը հերթապահութիւն կազմակերպել Պաքըրքէօյ շրջանին մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցիներուն մօտ:
Կը նշուի, որ եկեղեցիին դէմ ահաբեկիչներուն յարձակումը տեղի ունեցած էր այնտեղ ասորիներու մկրտութեան արարողութեան ժամանակ: Միջադէպէն ետք Արընչ հեռաձայնած է Պէյօղլուի ասորական Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Սայիտ Մուսինի եւ խոստացած, որ միջոցներ պիտի ձեռնարկուին` հետագային նման յարձակումները կանխարգիլելու համար:
Ասորական եկեղեցւոյ դէմ յարձակումը Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած էր 15 յունիսին: Դաշոյններով զինուած 8 հոգինոց աւազակախումբ մը ներխուժած էր եկեղեցի եւ «քրիստոնեաները արմատախիլ պիտի ընենք» վանկարկումներով ահաբեկած էր այնտեղ գտնուող քաղաքացիները:
Եկեղեցւոյ շուրջ դրուած տեսանկարահանող սարքերը արձանագրած են յանցագործներու յարձակումին ընթացքը, սակայն թրքական իրաւապահ մարմինները մինչեւ օրս չեն յայտնաբերած ահաբեկիչները:

