Ազրպէյճանի Մէջ Կը Հերոսացնեն Քարվաճառի Մէջ Գերեվարուած Հետախոյզները

Այտըն Միրզազատէ

Այտըն Միրզազատէ

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ virtualaz.org կայքը կը յայտնէ, որ Ազրպէյճանի մէջ արդէն ստեղծուած է Քարվաճառի մէջ ձերբակալուած ազրպէյճանցի հետախոյզներու «Իրաւունքներու պաշտպանութեան կոմիտէ», որուն երէկ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած առաջին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կոմիտէի ղեկավար Էլխան Սալահով յայտարարած է, որ իրենց նպատակը քանի մը օր առաջ գերեվարուած Ազրպէյճանի քաղաքացիներ Տիլկամ Ահմետովի(իրականութեան մէջ` Ասքերով), Շահպազ Կուլիեւի եւ դիմադրութիւն ցոյց տալու ժամանակ սպաննուած Հասան Հասանովի «իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է եւ ողջ մնացած ազրպէյճանցիներուն ազատութիւնը պահանջելը»:

Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ իշխող «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան երեսփոխան Այտըն Միրզազատէ յայտարարած է, որ ձերբակալուած ազրպէյճանցիներու դէմ հայերուն գործողութիւնները չեն համապատասխաներ միջազգային իրաւունքի արժէչափերուն: Ըստ անոր, Ազրպէյճանի քաղաքացիները «ոչ թէ պետական սահման խախտած են, այլ անցած են հակամարտ զօրքերու շփման գիծը», եւ որ անոնց այդ քայլը «պէտք է գնահատել իբրեւ հերոսութեան օրինակ, ինչպէս ատիկա կատարուած է Ռամիլ Սաֆարովի եւ Մուպարիզ Իպրահիմովի պարագաներուն»:

Կայքը կը յայտնէ, որ հայրենասիրական մեծ թռիչքներով սկսած խորհրդաժողովը կիսատ մնացած է ելեկտրականութեան հոսանքի անակնկալ անջատուելուն պատճառով: Թէեւ ձեռնարկին մասնակիցները եւ լրագրողները կազմակերպիչներէն պահանջած են շարունակել ձեռնարկը, սակայն վերջիններս մինչեւ իսկ առանց կարդալու իրենց պատրաստած դիմումը, երեսփոխան Այտըն Միրզազատէի գլխաւորութեամբ հեռացած են դահլիճէն:

Կը նշուի, որ ձեռնարկին չեն մասնակցած «պաշտպանութեան կոմիտէ»-ի միւս երեսփոխան անդամները` Կանիրա Փաշայեւան, Ֆազիլ Մուսթաֆան եւ մնացածները եւ հասարակութեան այլ անդամներ, իսկ հետախուզողներուն ձեռնարկին հրաւիրուած ազգականները զայն լքած են սկսելէն քանի մը վայրկեան ետք:

 

Share this Article
CATEGORIES