«Միացեալ Նահանգներ Ռուսիայէն Որոշակի Քայլեր Կ՛ակնկալեն» Կ՛ըսէ Օպամա

Պարաք Օպամա
Vesti.ru կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիայէն Ուքրանիոյ ճգնաժամի լուծման համար «որոշակի քայլեր կ՛ակնկալեն, այլ ոչ թէ պարզապէս խօսքեր»` աւելցնելով. «Մինչեւ օրս Ռուսիան ոչ մէկ այնպիսի քայլ կատարած է», որ անկէ կը սպասէ Արեւմուտքը:
Օպամա յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները նոր պատժամիջոցներ սահմանած են Ռուսիոյ շարք մը քաղաքացիներու եւ մեծ ընկերութիւններու դէմ:
«Հաշուի առնելով Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող սադրանքները` ես այսօր հաստատած եմ ռուսական շարք մը մեծագոյն ընկերութիւններու եւ ելեւմտական հիմնարկներու դէմ պատժամիջոցներու նոր թղթածրարը: Մեր դաշնակիցներուն հետ ես մէկ անգամ չէ, որ յստակ հասկցուցած եմ, որ Ռուսիան պէտք է կանխարգիլէ զէնքի եւ զինեալներու` Ուքրանիոյ սահմանի խախտումը, որ Ռուսիան պէտք է կոչ ուղղէ անջատողականներուն ազատ արձակելու գերիները եւ աջակցի կրակի դադրեցման, որ Ռուսիան պէտք է ձգտի բանակցութիւններուն եւ համաձայնի սահմանին վրայ դէտերու տեղակայումին: Մենք կը ցանկանք որոշ քայլեր տեսնել, եւ ոչ թէ պարզապէս խօսքեր, քայլեր, որոնք պիտի հաստատեն, որ Ռուսիան իսկապէս հակուած է ռուս-ուքրանական սահմանին վրայ տագնապին վերջ տալուն», նշած է Օպամա:
Ռուսիա Ուքրանիոյ Հարցով Միացեալ
Նահանգներու Կողմէ Որեւէ
Շանթաժ Պիտի Չընդունի
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց. «Մոսկուա Ուքրանիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու կողմէ որեւէ շանթաժ պիտի չընդունի»:
Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան նոր պատժամիջոցները Ուքրանիոյ մէջ Ուաշինկթընի ակնկալած դիպաշարին համաձայն չզարգանալուն համար վրէժ լուծելու նախնական քայլ մըն է` շեշտելով, որ Ուաշինկթընի կողմէ «ահաբեկման» փորձը պիտի չընդունի եւ իրեն կը վերապահէ ամերիկեան պատժամիջոցներուն «հակադարձ քայլեր» որդեգրելու իրաւունքը:
«Եթէ Ուաշինկթըն որոշէ քանդել ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ապա ան պիտի կրէ պատասխանատուութիւնը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը, որ կ՛աւելցնէ, թէ Մոսկուա միշտ ալ դրական կերպով կ՛ընկալէ բոլոր երկիրներուն հետ, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութիւնը, որ հիմնուած է հաւասարութեան, ներքին գործերուն չմիջամտելու եւ ուրիշներուն շահերը իսկական կերպով նկատի ունենալուն վրայ:
Միացեալ Նահանգներու երեւմուտքի նախարարութիւնը չորեքշաբթի օր հրապարակեց ցանկ մը Ռուսիոյ մէջ անհատներու, դրամատուներու, ուժանիւթի եւ պաշտպանութեան մարզի պետական ընկերութիւններու, ինչպէս նաեւ քաղաքական դէմքերու, որոնց դէմ պատժամիջոցներ կը հաստատուին:

