Թուրքիոյ Մէջ Սուրիացի Գաղթականներուն Դէմ Հերթական Ցոյցեր

1707Turks-Syrians«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի գիշեր Այնթապի մէջ լարուածութիւն ստեղծուած է, երբ սուրիական թիւ կրող ինքնաշարժ մը հարուածած է փողոցը պտոյտ կատարող չորս անձեր: Թուրք ընտանիքին չորս անդամներէն երկուքը թեթեւօրէն վիրաւորուած են: Թուրք քաղաքացիներ դէպքէն զայրացած սկիզբը ծեծած են սուրիացի վարորդը, ապա յարձակում գործած շրջանին մէջ գտնուող սուրիական թիւեր կրող ինքնաշարժերուն վրայ:

Ոստիկանութիւնը միջամտած է եւ սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալող թաղամասերուն մէջ ապահովութիւնը ամրապնդած:

Շաբթուան սկիզբը գաւազաններով եւ դաշիւններով զինուած դիմակաւոր տասը անձեր Ատանայի մէջ յարձակում գործած են սուրիացիներու խանութներու դէմ: Նախքան յարձակումը, թուրք եւ սուրիացի խանութպաններուն միջեւ վէճ մը ծագած էր:

Յիշեցնենք, որ 13 յուլիսին Մարաշի մէջ եւս ցուցարարներ սուրիացիներու պատկանող խանութներ եւ ինքնաշարժներ յարձակումի ենթարկած էին:

 

Share this Article
CATEGORIES