50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 12 ՅՈՒԼԻՍ 2011 )

ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԴՊՐՈՑ ԿԸ ՇԻՆՈՒԻ
ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ

ՀԻՄՆԱՐԿԷՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅ Կ՛ԸԼԼԱՆ
ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԵՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐ
(ՊԱՇՏ. ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ)

Երուսաղէմի հայոց պատրիարքական աթոռը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, թէ յուլիսի 2-ին, կիրակի առաւօտ, հիմնադրուեցաւ Ամմանի հայոց նոր վանքը:

Ամմանի հայաշատ բլուրի կողքին, վերջերս գնուեցաւ հող մը` դպրոց եւ եկեղեցի շինելու մտադրութեամբ:

Ընդառաջելով մեր դիմումին` ՀԲԸ Միութիւնը իր բարերարներէն Վահրամ Իւզպաշեանի նուիրած 20,000 տոլարի յատկացումը, ազնուասիրտ բարերարի հաճութեամբ, տրամադրեց դպրոցի շինութեան:

Քաջալերուած իշխանական այս նուիրատուութենէն եւ նման յատկացումներու ակնկալութեամբ, Ս. Աթոռս որոշեց ձեռնարկել դպրոցի եւ եկեղեցիի շինութեան` յոյսը դնելով Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդի ազգասիրութեան վրայ:

Հիմնարկէքի արարողութիւնը կատարուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ:

Ժամը 10:00ին հասաւ պատրիարքը` շրջապատուած Ս. Յակոբեանց միաբանութեան անդամներով եւ դիմաւորուեցաւ Ամմանի ոստիկանապետին կողմէ:

Ժամը 10:15-ին ժամանեց Յորդանանի վարչապետը Պահժաթ Թալհունի, շրջապատուած ներքին գործոց եւ արդարութեան նախարար Հասան Քաթեպէն եւ կրթական նախարար Ռաֆիք Հուսէյնիէն, ինչպէս նաեւ Յորդանանի ընդհանուր ոստիկանապետէն, ռատիոկայանի տնօրէնէն եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններէ:

Ժամը 10:30-ին կատարուեցաւ հիմնարկէքի կրօնական արարողութիւնը, որմէ ետք վարչապետը ծափերու եւ խանդավառութեան մէջ  իր ձեռքով զետեղեց անկիւնաքարը եւ ծեփեց զայն:

Ապա սրբազան պատրիարքը խօսք առաւ եւ ըսաւ. «Ահաւասիկ կ՛իրականանայ այսօր գաղութիս եւ մեր Ս. Աթոռին տարիներու երազը… Անցած է այլեւս ժամանակը վսեմ խօսքերու եւ մեծ սուտերու, եկած է ատենը շինարարութեան…

Պատրիարք հօր խօսքը արաբերէնի թարգմանեց դիւանապետ Շահէ վարդապետ:

Վարչապետը զգացուած իրեն ուղղուած գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսքերէն` յայտարարեց. «Ինծի համար հաճոյք է հիմնաքարը դնել կրթական հաստատութեան մը, որ պիտի բարձրանայ եւ գեղեցկացնէ Ամմանի բլուրներէն մին… Ուրախ եմ շնորհաւորելու հայոց պատրիարքը իր այս ձեռնարկին համար եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթեմ իրեն եւ իր հօտին:

Ժամը 11:00-ին զինուորական պատիւներով եւ խանդավառ ծափերով հրաժեշտ առին վարչապետը եւ նախարարները:

Նոյն օրը Ամմանի ռատիոկայանը ձայնասփռեց հանդիսութիւնը ամբողջութեամբ:

Հիմնարկէքի հանդիսութիւններէն ետք, անմիջապէս կը ձեռնարկուի շինութեան գործին:

ԴԻՒԱՆ Ս. ԱԹՈՌՈՑ

Share this Article
CATEGORIES