Մաշնուք Ընդունեց Գերմանիոյ Խորհրդարանի Անդամ Քրիսթոֆըր Սթրասըրը

Մաշնուք եւ Սթրասըր
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամ Քրիսթոֆըր Սթրասըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները, յատկապէս Սուրիոյ առնչուած:
Մաշնուք գերմանացի երեսփոխանին հետ քննարկեց նաեւ Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան վրայ անոնց պարտադրած ծանր բեռը:
Հանդիպումէն ետք Սթրասըր հաստատեց, որ Պերլին կը գիտակցի գաղթականներուն ստեղծած մեծ հարցերուն եւ ճիգ չի խնայեր Լիբանանին օժանդակելու, որպէսզի անոնք կարենան լուծել երկրին դիմագրաւած ելեւմտական լուրջ հարցերը:
CATEGORIES Լիբանանեան

