Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Բանակի Հրամանատարն Ու Շարք Մը Նախարարներ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող իրավիճակը, յատկապէս ապահովական իրադարձութիւններն ու բանակին կողմէ որդեգրուած միջոցառումները` հակակշիռի տակ պահելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպը, որ շեշտեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ համախոհութեան անհրաժեշտութիւնը` աշխուժացնելու համար կառավարութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ պահպանելու համար երկրին խաղաղութիւնը եւ երաշխաւորելու հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան մթնոլորտը:
Նշենք, որ վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս:
CATEGORIES Լիբանանեան

