Պըրրի Ողջունեց Սալամի Համբերութիւնը

Փաուլի եւ Պըրրի

Փաուլի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց չորեքշաբթի, 23 յուլիս 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին նախագահական ընտրութիւն կատարելու նիստի մը:

Այն Թինէի մէջ երէկ Պըրրիի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Փաուլի հաստատեց, որ Ֆրանսա կը զօրակցի Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին ընտրութեան, առանց այս կամ այն թեկնածուին դէմ վեթօ դնելու, եւ աւելցուց, որ լիբանանցիները պէտք չէ ընտելանան նախագահական աթոռին թափուր մնալուն:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փլամպլի յայտնեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը իր հետեւանքները կ՛ունենայ երկրին սահմանադրական բոլոր հաստատութիւններուն վրայ:

Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ժան Օպէյտ:

Միւս կողմէ, Պըրրի ողջունեց վարչապետ Թամմամ Սալամի համբերութիւնը` նշելով, որ ան ոչ միայն ընտրեց կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին մասին համախոհութեան գոյացումը, այլեւ` ընդգծեց կառավարութեան որոշումները համախոհութեամբ վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Պըրրի շեշտեց, որ Սալամի համբերութիւնը եւ անկեղծութիւնը իր նախագահած կառավարութեան նկատմամբ գնահատելի է` աւելցնելով, որ դժբախտաբար ան ինկած է սահմանադրական յուսախաբութեան մէջ:

Նշենք, որ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կրցած է համոզել Պըրրին, թէ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու պարագային խորհրդարանի նոյն պատկերը պիտի ստացուի:

Share this Article
CATEGORIES