Արեւելեան Լեռնաշղթային Վրայ Բախումներ` Հըզպալլայի Եւ Զինեալ Խմբաւորումներու Միջեւ

Արեւելեան լեռնաշղթային վրայ, Արսալի բարձունքներուն, Մաարայի եւ Անֆիքի վերեւ երէկ սուր բախումներ արձանագրուեցան Հըզպալլայի եւ զինեալ խմբաւորումներու միջեւ:

Քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, նախանցեալ ուշ գիշերին Ժապհաթ Նուսրայի 400 անդամներ յարձակեցան Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ, ուր արձանագրուեցան բուռն բախումներ` հարիւրաւոր զինեալներուն եւ Հըզպալլայի մարտիկներուն միջեւ:

Ըստ նոյն օրաթերթին, Հըզպալլայի անդամ 7 մարտիկներ նահատակուեցան, մինչդեռ Ժապհաթ Նուսրայի շարքերուն մէջ արձանագրուեցան 93 զոհեր:

«Ռայ»-ի համաձայն, Արսալի բարձունքներուն վրայ կը գտնուին 3500-5000 զինեալներ, որոնք կը գտնուին Լիբանանի եւ Սուրիոյ արեւմտեան լեռնաշղթային վերեւ. անոնք Քուսայրի եւ Քալամունի ճակատամարտներէն փախուստ տուած զինեալներն են:

Միւս կողմէ, «Տիար» օրաթերթը կը գրէ, թէ արեւելեան լեռնաշղթային վերեւ արձանագրուող զինուորական գործողութիւնները կը կատարուին շրջափակելու համար զինեալները:

Նշենք, որ Արսալի քաղաքապետարանը յայտնեց, որ շրջանը պիտի ընդունի միայն քաղաքացի գաղթականները եւ ոչ թէ զինեալները` ընդգծելով, որ իրենք չեն ուզեր Արսալը զինեալ բախումներու մարտադաշտի վերածել:

Share this Article
CATEGORIES