Սէյրան Օհանեան Զեկուցեց Քարվաճառի Մէջ Տեղի Ունեցածին Մասին
Հայաստանի կառավարութեան երէկուան նիստին սկիզբը պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան զեկուցեց Քարվաճառ ներթափանցած ազրպէյճանական խումբին մասին: Ան նշեց, որ 1994-ին զինադադարի կնքումէն ետք Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութեան արդիւնքով կը գործեն ե՛ւ արձակազէններ, ե՛ւ հետախուզական խումբեր, Ազրպէյճան պարբերաբար լարուածութիւն կը ստեղծէ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ, եւ վերջերս այդ լարուածութիւնը տեղափոխուած է Հայաստանի հիւսիսարեւելեան շրջան` Տաւուշի մարզ: «Միշտ տեղեկութիւն եղած է, որ Քարվաճառի մէջ կարելի են նման ներթափանցումներ: Վերջին շրջանին որոշ հետքեր կային: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը միջոցառումներու ձեռնարկեց` համագործակցելով ներքին գործերու եւ ազգային անվտանգութեան սպասարկութիւններուն հետ: Յայտնաբերուած են հետքերը եւ խումբի անդամ մը, որմէ ետք համապատասխան միջոցառումներ ձեռնարկուեցան յաւելեալ անցակէտերու եւ յաւելեալ ստորաբաժանումներու ուղղութեամբ: Պաշտպանութեան բանակի եւ իրաւապահ ստորաբաժանումներու հետ բացայայտուեցան խումբին բոլոր անդամները», ըսաւ Սէյրան Օհանեան:
Ըստ նախարարին, կ՛իրականացուին գործողութիւններ հակառակորդի հաւանական ներթափանցման ուղիները բացայայտելու եւ ականապատման միջոցառումներ իրականացնելու ուղղութեամբ: «Կ՛իրականացուին բոլոր համապատասխան գործողութիւնները, որպէսզի շրջանին մէջ բնակչութեան վստահութիւնը ունենայ եւ բանակը իր առջեւ դրուած խնդիրները լուծէ: Ամէն բան կը կատարուի, որպէսզի հետագային նման դէպքերը բացառուին», ըսաւ Սէյրան Օհանեան:
Կը Քննարկուի Քարվաճառի Շրջանի
Բնակիչները Զինելու Հարցը
Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութիւնը կը քննարկէ Քարվաճառի շրջանի բնակիչները զինելու հարցը: Այս մասին երէկ լրագրողներուն ըսաւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, արձագանգելով այն դիտարկման, որ ազրպէյճանական վերջին հետախուզական խումբի ներթափանցման ծիրին մէջ աշխուժացած են բնակիչները զինելու անհրաժեշտութեան մասին խօսակցութիւնները:
«Այս տարածքը իւրայատուկ է անով, որ բնակիչներուն մէկ մասը պայմանագրային զինուորներ են, որոնք բոլորն ալ զինուած են: Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութիւնը կը քննարկէ, որ պայմանագրային զինուորներուն արտօնեն իրենց հետ զէնք-զինամթերք պահել նաեւ իրենց բնակավայրերուն մէջ, որպէսզի կարենան այդպիսի իրավիճակներու մէջ արագ արձագանգել», ըսաւ Սէյրան Օհանեան:

