Բակօ Սահակեան. «Պաքու Լուրջ Հարուած Կը Հասցնէ Բանակցային Հոլովոյթին»
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան ազրպէյճանական – ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
Սահակեան վերջերս ազրպէյճանական հետախուզական խումբի ներթափանցումը Լեռնային Ղարաբաղի տարածք նկատած է պաշտօնական Պաքուի կողմէ հերթական սադրիչ եւ ահաբեկչական գործողութիւն, որ լուրջ հարուած կը հասցնէ բանակցային հոլովոյթին եւ միջնորդ երկիրներու ջանքերուն` աւելցնելով, որ ատիկա պէտք է համապատասխան գնահատականի արժանանայ միջազգային հանրութեան կողմէ:

