Անչելոթթին Իպրահիմովիչը Կը Հրաւիրէ Ռէալ Մատրիտ
Անգլիական «Սքայ Սփորթց»-ի համաձայն, Ռէալ Մատրիտի իտալացի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի, կապ հաստատելով Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչի հետ, փափաք յայտնած է եւ անոր փոխանցած իր տեսակէտը, որ ան պէտք է միանայ արքայական ակումբին:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, շուէտացի Իպրահիմովիչ, կ՛ուզէ այլ կազմի մը միանալ, մանաւանդ որ այժմ մարզիկներու փոխանցումները բաւական աշխուժ վիճակի մէջ են:
Նախապէս, այլ առիթով մը, Անչելոթթի ըսած էր, որ մտադիր չէ իր կազմին միացնել Իպրահիմովիչը` աւելցնելով, որ ան կարեւոր չէ իր ակումբին համար:
Այժմ սակայն կացութիւնը փոխուած է, եւ ան կ՛ուզէ Իպրահիմովիչը:
CATEGORIES Մարզական

