Մանչինի. «Այս Տարի Նափոլին Կրնայ Գերազանցել Եուվենթուսը»
Ինթեր Միլանի նախկին մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինիի կարծիքով, այս տարի Նափոլի պիտի գերազանցէ Եուվենթուսը:
«Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի կազմին` Եուվենթուսի համար քիչ մը դժուար պիտի ըլլայ Նափոլին գերազանցելը, բայց յամենայն դէպս ան պէտք է ուրախ ըլլայ, որ նման խումբի մը մարզիչն է: Կարծիքս այն է, որ ան այդքան ալ մեծ գումարներու պէտք չունի իր կազմը զօրացնելու համար: Կու գամ ըսելու, որ «Քալչիօ»-ի 2014-2015 տարեշրջանին ախոյեանը պիտի հանդիսանայ Նափոլի: Նափոլի պիտի պայքարի Եուվենթուսի, Ա. Էս. Ռոմայի եւ շատ հաւանաբար Ա. Սէ. Միլանի հետ` տիտղոսին տիրանալու համար իր մղած պայքարին մէջ: Ինթեր Միլան դժուար թէ կարենայ այդ պայքարին մէջ մտնել», Մանչինիի խօսքերը կը մէջբերէ goal.com:
CATEGORIES Մարզական

