Ատրիանօ 4-էն 6 Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն
barcastuff կայքին համաձայն, Պարսելոնայի յետսապահ Ատրիանօ, 4-էն 6 շաբաթով պիտի բացակայի` նկատի ունենալով, որ իր սրտի աշխատանքին հետ կապուած խնդիրներ ունի:
Պասելոնա «Լա լիկա»-ի 2014-2015 տարեշրջանին սկսաւ նախորդ 14 յուլիսին:
Խումբի մարզիչ Լուիս Էնրիքէ իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ (փորձերուն առաջին օրերուն) հիմնական խումբէն 8, իսկ Պարսելոնայի Բ. խումբէն` 14 մարզիկ:
Նշենք, որ Էնրիքէ իր կատարած վերջին մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսած էր, որ նոր տարեշրջանին մեծ յոյսեր կապած է Ատրիանոյի հետ:
CATEGORIES Մարզական

