Պրպտելով Մարսէյի Հայ Հին Գաղութին Էջերը. Մկրտիչ Փորթուգալեան, Պալաքեան Սրբազան Եւ Ուրիշ Բաներ…
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Անցեալները հայ մամուլին մէջ լուր մը կարդացի յապաղումով:
Նորահաստատ «ՌԱԿ մատենաշար»-ի իբրեւ անդրանիկ հրատարակութիւն` ընթացիկ տարւոյն սկիզբը Երեւանի մէջ լոյս ընծայուած էր «ԱՐՄԷՆԻԱ պարբերականը ազատագրական գաղափարախօսութեան ակունքներում» խորագրեալ գիրք մը, Պուէնոս Այրէսի «Պօղոս եւ Սիրանուշ Արզումանեան հիմնադրամ»-ին օժանդակութեամբ: Շուրջ 700 էջեր հաշուող այս գիրքին ձօնուած շնորհանդէսներ ալ կայացած էին Պէյրութի ու Երեւանի մէջ (փետրուար-մարտ ամիսներուն), հատորին հեղինակին` հայրենի մտաւորական, պատմագիր եւ համալսարանի դասախօս Սուրէն Սարգսեանի ներկայութեամբ:
Ինչպէս ծանօթ է շատերուն, «Արմէնիա» լրագիրը Մարսէյ հրատարակուող շատ նշանաւոր թերթ մըն էր, զոր հիմնած ու երկար տարիներ (1885-1921) առանձինն հրատարակած էր ազգային-քաղաքական երեւելի գործիչ ՄԿՐՏԻՉ ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԵԱՆը:
«Արմէնիա» թերթին անունը, յանկարծ, կարծես զիս նստեցուց թռչող գորգի մը վրայ ու քշեց տարաւ դէպի ՄԱՐՍԷՅ…
Շատ կարեւոր ու հին գաղութ մը ունինք այնտեղ` Մարսէյի մէջ:

Մարսէյ
Ֆրանսահայ մամուլը յաճախ խապրիկներ կը բերէ մեզի Մարսէյէն, այնտեղի մշակութային-ազգային շարժումներէն, գաղութային իրադարձութիւններէն:
Մարսէ՜յ…
Ֆրանսայի նշանաւոր նաւահանգիստը, ուր ոտք դրած էին Մեծ եղեռնէն ճողոպրած հազարաւոր հայ գաղթական խլեակներ, 20-ական թուականներու սկիզբները:
Բայց ես որքա՞ն բան գիտէի արդեօք Մարսէյի հայ գաղութին պատմութեան մասին:
Անկասկած անբաւարար էին իմ տեղեկութիւններս: Վերջին երեք տասնամեակներուն «Յառաջ»-ի ու «Նոր Յառաջ»-ի էջերէն մարսէյաբնակ լրագրողներ Կարօ Յովսէփեանի ու Ստեփան Պօղոսեանի թղթակցութիւններուն հետեւած էի ուշադրութեամբ եւ որոշ գաղափար մը կազմած` գաղութին ընդհանուր դիմագծութեան մասին: Բայց միայն ա՛յդքան:
Կ՛արժէր սակայն, որ աւելի՛ն գիտնայի մարսէյահայութեան մասին:
Ու… յիշեցի՛: Յիշեցի, որ տարիներ առաջ նոյնինքն Մարսէյէն գիրք մը ստացեր էի այս նիւթով: Գիրք մը, զոր լրիւ կարդալու պատեհութիւնը չէի ունեցեր օրին:
Արագ պրպտում մը գրադարանիս մէջ` ու ահա՛ գտայ տուեալ գիրքը:
«Թռուցիկ ակնարկ Մարսէյի հայ գաղութի պատմութեան վրայ»: Հեղինակ` Ստեփան Պօղոսեան: «Զանգակ-97» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2005: Դասական ուղղագրութեամբ տպուած շուրջ 500 էջնոց հատոր մը, որուն հրատարակութեան ծախսերը հոգացած է Մարսէյի «Սահակ-Մեսրոպ մշակութային կեդրոն»-ը:
Ստեփան Պօղոսեանը, ի հարկէ, Մարսէյի հարազատ զաւակ նո՛յն… Ստեփան Պօղոսեանն է, արմատով` պարտիզակցի, հին ու նոր «Յառաջ»-ներու հաւատարիմ աշխատակիցը, այժմ արդէն 82 տարեկան, որուն վերլուծական սրտցաւ յօդուածները, մշակուած ու դիւրասահ հայերէնով, հաճոյքով կարդացած եմ միշտ, առ այսօր առանց անդրադառնալու, թէ մեր այս շնորհալի գրիչը հայկական դպրոցի երես չէ՛ տեսած բնաւ, այլ իր մայրենին սորված եւ իւրացուցած է ինքնուս…
Իր գիրքը շարադրելու համար Ստ. Պօղոսեան ձեռքի տակ ունեցած է արխիւային սակաւաթիւ նիւթեր: Ընդամէնը` քանի մը հայերէն կամ ֆրանսերէն գրքեր, Յովհաննէս Վարժապետեանի «Մարսէյի ուղեցոյց»-ներու շարքը (1928-38) եւ բարեբախտաբար` «Յառաջ»-ի հաւաքածոները: Քանիցս ան ափսոսանք կը յայտնէ, թէ կարելի չէ եղած գտնել Փորթուգալեանի «Արմէնիա» լրագրին (եւ մարսէյահայ մամուլի այլ անուններու) հաւաքածոները, ուր, հաստատապէս, առատ տեղեկութիւններ պիտի ըլլային Մարսէյի հին գաղութին պատմութեան մասին:
Ստ. Պօղոսեանի պատկերազարդ հատորը կարդացի մէկ շունչով, հետաքրքրութեամբ եւ գոհացումով:
Ա՛լ թերեւս կարենամ պնդել, թէ բաւական ծանօթ եմ Մարսէյի հայ գաղութին պատմութեան:
Հինէն ի վեր իմ անխախտ սովորութիւններէն մէկն եղած է կարդացուած գիրքի մը պարունակութիւնը կիսել մամուլի ընթերցողներուն հետ: Իմ այս սովորութիւնս ալ տեսակ մը գրական առեւտուր է կարծէք, ԱՌՆԵԼՈՒ եւ ՏԱԼՈՒ արարք մը, որ գերազանցապէս անաղարտ դիտաւորութիւն մըն է անշուշտ` որեւէ առնչութիւն չունենալով շուկայական աշխարհի նիւթական-շահադիտական առեւտուրներուն հետ: Կարդալ ու ընթերցումին տպաւորութիւնները փոխանցել ուրիշներու:
Եկէ՛ք` արագ պտոյտի մը ձեռնարկենք ուրեմն դէպի Մարսէյ, առաւելաբար առաջնորդ ունենալով Ստ. Պօղոսեանին վերոնշեալ հատորը:
* * *
Նախ ըսեմ, որ Մարսէյ այնքա՛ն հին է, որքան` մեր Երեւանը: Տասնամեակ մը առաջ նշուեցաւ արդէն քաղաքին հիմնադրութեան 2600-ամեակը: Ո՜վ գիտէ` որքա՛ն հարուստ պատմութիւն մը թաղուած է այդ 2600 տարիներու փոշիներուն տակ: Բայց մեզ հետաքրքրողը հա՛յ գաղութին պատմութիւնն է առաւելաբար:
Հայերը առաջին անգամ ե՞րբ եկան Մարսէյ, ինչո՞վ կը զբաղէին այնտեղ, ի՞նչ ներդրումներ ունեցան հոն, ի՞նչ հետքեր թողուցին…
Այս հարցումները շատ յստակ պատասխաններ չունին դժբախտաբար: Միայն հաստատուած է, որ ԺԷ. դարուն պարսկահայ (ջուղայեցի) եւ թրքահայ առեւտրականներ աշխուժօրէն օգտագործեր են Մարսէյի ազատ նաւահանգիստը` իրենց այլազան ապրանքները Արեւելքէն դէպի Եւրոպա փոխադրելու համար:
Այնքան շահաբեր եղած է այս գործառնութիւնը, որ տեղաբնակ եւրոպացի վաճառականները սկսեր են նախանձով նայիլ հայերուն եւ նոյնիսկ խափանել անոնց աշխատանքը…

Ոսկան Երեւանցիի տպած հայերէն առաջին Աստուածաշունչը
Ամէնէն նշանաւոր հայը, որ Մարսէյի հայութեան հին շրջանի պատմութեան մէջ կը յիշատակուի, ՈՍԿԱՆ ԵՐԵՒԱՆՑԻ վարդապետն է, որ ինչպէս ծանօթ է, 1666-ին Ամսթերտամի մէջ (Հոլանտա) յաջողեցաւ տպել հայերէն անդրանիկ Աստուածաշունչը:
Ոսկան Երեւանցի քանի մը տարի յետոյ փորձեց տպարան մը հիմնել նաեւ Մարսէյ: Գործի ձեռնարկելու համար ստացաւ արքայական արտօնագիր Լուի ԺԴ. թագաւորէն, 1669-ին: Բայց շատ բան չկրցաւ իրագործել Մարսէյի մէջ, որովհետեւ մահը վրայ հասաւ ու տապալեց զինք 1674-ին:
Իր գերեզմանը դժբախտաբար անյայտ կորսուած է: Մինչդեռ, եթէ այդ շիրիմը պահպանուէր, կ՛արժէր, որ տարին գէթ անգամ մը ֆրանսահայերը կարմիր մեխակներ դնէին այդ դամբանին վրայ ու ոգեկոչէին այս մեծանուն հայուն յիշատակը:
Մկրտիչ Փորթուգալեան Եւ Իր «Արմէնիա»-ն
Այնպէս կը թուի, որ Մարսէյի հայ հին գաղութին առաջին կորիզը կազմուեր է ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն: Տուեալներ կան այն մասին, թէ 300-500 տարուբերող հայեր կ՛ապրէին Մարսէյի մէջ 1880-ականներուն, ընդհանրապէս` վաճառականներ: Ասիկա փոքրիկ թիւ մըն է անշուշտ: Բայց այս սակաւաթիւ հայերն անգամ պահանջը զգացեր են սեփական եկեղեցիի մը: Ուստի, նախ Պոլսոյ պատրիարքութեան ձեռնտուութեամբ ճարեր են քահանայ մը, յետոյ ալ վարձեր են փոքր սենեակ մը ու զայն վերածեր եկեղեցիի` Ս. Յարութիւն անունով: Այս համեստ մատուռը գաղութին ծառայեր է շուրջ կէս դար: Դպրոց չեն ունեցած:
Եւ սակայն… ունեցած են թերթ մը` նշանաւոր «Արմէնիա» լրագիրը:
«Արմէնիա»-ն Մարսէյի մէջ հիմնուած է Մկրտիչ Փորթուգալեանի կողմէ, 1885 օգոստոսին:
Ի՜նչ քաջագործութիւն` փոքրաթիւ «աղա»-ներէ բաղկացած գաղութի մը մէջ թերթ հրատարակելու այս յանդգնութիւնը: Ու երեւակայեցէք, որ այս թերթը կրցած է անխափան գոյատեւել լման 38 տարի` ՄԻԱԿ անձի մը առանձին ճիգերով… Մարսէյի հայ գաղութին բովանդակ պատմութեան մէջ, առ այսօր, «Արմէնիա»-ի նման երկարակեաց ուրիշ թերթ չկայ:
Ո՞վ էր Փորթուգալեան:

«Արմէնիա» լրագիրը

Մկրտիչ Փորթուգալեան
Պոլիս ծնած ու որբ մեծցած տղայ մըն էր: Յաճախած էր Գումգաբուի Պէզճեան եւ Սամաթիոյ Սահակեան վարժարանները: Ինքնաշխատութեամբ տիրացեր էր լաւ հայերէնի: Հակում ունէր հրատարակչական գործերու, եւ արդէն, 1870-ական թուականներուն յօժարակամ ստանձնեց Պոլսոյ «Ասիա» հայաթերթին խմբագրութիւնը:
Սակայն իր հայեացքը տարբեր տեղ էր` գաւառը, Արեւմտահայաստանը:
Ուստի, Վոսփորի գեղածիծաղ ափերը ձգելով` մեկնեցաւ Վան ու այնտեղ նուիրուեցաւ ուսուցչագործութեան, տեսուչ դարձաւ իր իսկ ջանքերով հիմնուած Կեդրոնական վարժարանին (1881):
Վասպուրականի իր բեղուն գործունէութիւնը տեւեց եօթը տարի: Իր քաղաքական ձգտումներն ու հայրենական իղձերը կարճ ժամանակի ընթացքին համակիրներու շղթայ մը ստեղծեցին իր շուրջ: Բայց թուրք պետութեան հետապնդումներէն խուսափելու համար ստիպողաբար անցաւ Եւրոպա, հաստատուեցաւ Մարսէյ ու հիմնեց «Արմէնիա» շաբաթաթերթը: Վանի իր գործակիցներն ու ձեռնասունները, իրմով խանդավառ, նոյն տարին իրենց կարգին գաղտնօրէն հիմնեցին ԱՐՄԵՆԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ, որ էական դեր ունեցաւ մանաւանդ Վանի 1896-ի ինքնապաշտպանական մարտերուն մէջ: Իրաւ է, որ Փորթուգալեան դարձաւ հայ քաղաքական առաջին այս կուսակցութեան գաղափարական հայրը, ոգեշնչողը: Սակայն Փորթուգալեանի ու իր թերթին կապը Արմենական կուսակցութեան հետ մնաց լոկ «բարոյական խրախուսող»-ի համեստ սահմանին մէջ, ինչպէս որ կ՛ապացուցէ արդէն հայ նորագոյն պատմագրութիւնը եւս:
Փորթուգալեանի մահէն ետք, 1921-ին, «Արմէնիա»-ն շարունակուեցաւ երկու տարի եւս` Եղիշէ Թորոսեանի կողմէ, որ փեսան էր հիմնադրին, եւ որ հետագային ալ մնաց մարսէյահայ մամլոյ ու լրագրութեան ծանօթ դէմքերէն մին` խմբագրելով «Հայ սիրտ» շաբաթաթերթը (1923-1939):
Մկրտիչ Փորթուգալեան ամուսնացած էր եւ ունեցաւ 10 զաւակներ, որոնցմէ ոմանք շատ կանուխ մահացան: Իր զաւակներէն Վահանը համբաւաւոր դատաւոր էր եւ Սուրիոյ վրայ ֆրանսական հոգատարութեան շրջանին (1930-ականներ) Հալէպի Դատական բարձրագոյն ատեանի նախագահն էր: Անդրանիկ Ծառուկեան շատ հետաքրքրական յուշեր պատմած է անոր մասին` իր «Երազային Հալէպը» գիրքին մէջ: 1947-ին վերջնականապէս Ֆրանսա հաստատուելէ ետք, Վահան Փորթուգալեան դարձած էր Էքս-Ան-Փրովանսի վճռաբեկ ատեանին նախագահը: Մահացած է 1974-ին:
Մարսէյի հին գաղութի համբաւաւոր մէկ դէմքն էր նաեւ ՇԱՐԼ ՏԻՐԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ (նշանաւոր բանաստեղծին հօրեղբօրորդին), ծովային սպայ, որ ֆրանսերէնով գրած է գիրք մը` հարաւային Ֆրանսայի հայ գաղութին պատմութեան մասին: 1915-ին շատ մեծ դեր խաղացեր է Մուսա Լերան հայերուն փրկութեան գործին մէջ` ֆրանսական զրահանաւերով յաջողցնելով անոնց փոխադրութիւնը Փոր Սայիտ (Եգիպտոս): Մարսէյի փոքր հրապարակներէն մին կը կրէ իր անունը:
Ուշագրաւ պարագայ մըն ալ այն է, որ 1918-ին հիմնուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը Մարսէյի մէջ ունեցած է իր հիւպատոսը` յանձինս Տիգրան Միրզայեանցի:
Հալէպ
(Շար. 1)

