Անհանդարտ Եւ Ծառայասէր Գաղափարական Ընկերը* (Վրէժ Ջապաղջուրեանի Քառասունքին Առիթով)

19-07-vrej1Ծառայասէր միութենականներու տերեւաթափը կը շարունակուի Հալէպի մէջ: Յաջորդաբար անժամանակ եւ աննկարագրելի մահերով հողին կը յանձնենք մեր հաւատաւոր ընկերները, որոնք իրենց ետին կը ձգեն աւերուած մեր եկեղեցիները, դպրոցներն ու ժողովրդային բնակարանները:

Ընկ. Վրէժը ճանչցած ենք ՀԵՄ-ի (Հալէպի երիտասարդաց միութեան) մեծ ընտանիքին մէջ, եռանդով լեցուն, անհանդարտ, կատակասէր, իր խառնուածքով բոլորին սրտերուն մօտիկ, օգնութեան հասնելու ճիգ չխնայող բծախնդիր, մաքրասէր, նախանձախնդիր` իր պատկանած միութիւններուն հանդէպ, զուարթ տրամադրութեամբ ամէն տեսակ արհաւիրք արհամարհող ոչինչ պատահածի նման տոկացող զինուորագրեալ եւ արթուն պահակը ազգային գաղափարական տասնաբանին:

Պարտականութեան գիտակցութեամբ ծառայած է ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն մէջ, իսկ մշակոյթի պահպանման անհրաժեշտութեան գիտակցութեամբ մաս կազմած է Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբին:

Իր դիւրահաղորդ յատկութեամբ նպաստած է  համակիր շատ մը երիտասարդներ ներգրաւելու աշխատանքին` զանոնք դարձնելով ակումբի եւ հայահոծ շրջաններու պահապաններ, ինչ որ ակնյայտ է ի տես ակումբին շուրջ համախմբուողներու մեծ թիւով համակիրներուն:

Վարձքդ կատար սիրելի՛ ընկեր:

Հիմա քու ընկերներդ եւ հարազատներդ եկած են վկայելու այն ընկերութեան մասին, որ երկար տարիներու խարիսխ մը ունի: Եկած են յուզումով հրաժեշտ տալու քաջարի երիտասարդի մը, նուիրեալ հօր մը, որ ամէն աղմուկէ, ցոյցերէ, փառքէ խուսափող ազնիւ հոգի մը ունէր` շեշտուած հայրենասիրութեամբ եւ նուիրաբերումով, ինչ որ անմահութեամբ պիտի պսակէ քու քաղցր յիշատակդ:

Համեստ այս երիտասարդին կատարած գործը արժանի է բոլորիս յարգանքին:

Հայ թերթը քեզմով մուտք կը գործէր մեր բնակարաններուն եւ ակումբներուն մէջ` փոխանցելով հրճուանք եւ յուզում: Բազում դժուարութիւններով տակաւին լոյս տեսնող «Գանձասար» պաշտօնաթերթի յունիսի առաջին թիւը մեզի փոխանցեցիր, սակայն ատիկա եղաւ վերջինը:

Այսօր կորսնցուցած ենք քեզ, սակայն պիտի մնաս փնտռուած, սիրելի, զուարթ եւ կատակասէր ընկ. Վրէժը, հակառակ անոր որ վերջին կատակդ շատ ծանր կշռեց բոլորիս սրտերուն, կսկիծէն ու ցաւէն մեր աչքերն ու հոգիները լացին: Քեզ շատ կանուխ կորսնցուցինք:

Դառնօրէն կը ցաւինք քու անակնկալ բաժանումդ, որ անմխիթար ձգեց ընկերներդ ու հարազատներդ, սակայն վստահ եղիր, այնքան ատեն որ դուն պիտի յիշուիս, կենդանի ու ողջ ներկայութիւն պիտի ըլլաս մեր կեանքին մէջ: Յարգանքով պիտի պահենք յիշատակդ, սիրելի՛ ընկեր, գալիք օրերու ծառայասէր ու նուիրեալ նոր սերունդին սիրոյն, որոնք պիտի շարունակեն սկսած գործը ու պիտի պայքարին հայապահպանութեան վտանգ հանդիսացող երեւոյթներուն դէմ` երաշխաւորելու համար մեր գոյատեւումը:

Վստահ, որ քեզ պիտի փնտռենք յատկապէս ժողովներուն ընթացքին եւ ակումբին մէջ, պիտի փնտռենք քու արտայայտութեանդ ոճը, որ հաճելի կը թուէր բոլորին:

Այսօր` հաւաքուած այս սրահին մէջ, կը հաւատանք մեզմէ անվերադարձ բաժնուողներուն յարգանքի տուրք տալու աւանդութեան ու մեր կարգին, սիրելի՛ Վրէժ, կ՛ոգեկոչենք յիշատակդ:

«Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի խնամակալութեան եւ ՀԵՄ-ի մեծ ընտանիքի անունով կը բաժնենք ձեր խոր վիշտը` յայտնելով մեր ցաւակցութիւնները սիրելի Ջապաղջուրեան ընտանիքին եւ կ՛աղօթենք Վրէժին հոգւոյն հանգստութեան համար:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկեր:

«Ս. ՎՐԱՑԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ ՀԵՄ-Ի ՄԵԾ ԸՆՏԱՆԻՔ

Հալէպ

* Դամբանական արտասանուած 18 յուլիս 2014-ին:

Share this Article
CATEGORIES