Պարտաճանաչ Եւ Ազնիւ Ընկերը
ՍԱԳՕ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Դարձեալ բաժանումի դառն իրականութեան առջեւ ենք: Անխուսափելի բաժանումը այս անգամ եւս իր կամքը պարտադրելով` մեզմէ հեռացուց աւելի քան 50 տարուան կուսակցական մեր սիրելի ընկեր Յարութ Հապիպեանը:
Ընկեր Յարութ հանդարտ, պարկեշտ եւ բոլորին կողմէ յարգուած անձնաւորութիւն մըն էր: Ան պատանի տարիքէն անդամակցած է ՀՅԴ Պատանեկան միութեան, ուր աշխուժ գործունէութիւն ունեցած է, միշտ պարկեշտ իր խառնուածքով: Իր սերնդակիցներուն վկայութեամբ, ան իր աշխուժութիւնը վարակիչ դարձուցած է եւ իր գործունէութեան դաշտը լայնցնելով ու անդամակցելով ՀՄԸՄ-ին` վառվռուն ֆութպոլիստի պատկերը դրոշմած է մինչեւ օրս այն սերունդին ներկայացուցիչներուն մօտ, որոնք «Զաւարեան» դաշտի լաւ օրերը վայելած են:
Աւելի ուշ, 70-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, անցնելով ՀՅԴ շարքերը, փոխադրուած է Անթիլիաս, եւ իբրեւ «Աղբալեան» կոմիտէութեան անդամ` Լիբանանի պատերազմի սկիզբէն մինչեւ վերջ կատարած է իրեն վստահուած բոլոր աշխատանքները եւ ստանձնած իւրաքանչիւր պարտականութիւն կատարած է մեծ բծախնդրութեամբ` իբրեւ տիպար դաշնակցական: Այդ օրերուն ան կազմած է իր ամուսնական բոյնը եւ բախտաւորուած` երեք զաւակներով, բայց հաւատարիմ մնալով իր երդումին` քաջաբար մասնակից դարձած է տարբեր շրջաններու պահակութեան:
Կը յիշենք ընկեր Յարութ Հապիպեանը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի զինուորական իր տարազով, ուր վաստակած էր «Պաշ» մակդիրը, որ իրեն կը պարտաւորեցնէր աւելի՛ համեստութիւն եւ շրջապատին ծառայելու առաջադրանք: Այսպէս էր Յարութ Հապիպեանը, զոր միշտ պիտի յիշենք իբրեւ պարտաճանաչ եւ ազնիւ ընկեր:

