Թուային Ժամանակներու Մէջ. Ինչո՞ւ Ժամանակն Է Արհեստագիտութեան Մէջ «Յեղափոխութիւն» Բառէն Հրաժարելու
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԵԹԷ ԿԱՅ ԳԱՂԱՓԱՐ ՄԸ, ՈՐ Կ՛ԱՌՆՉՈՒԻ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԵՒ ՊԷՏՔ Է ԹՕԹԱՓԵԼ ԶԱՅՆ, ԱՅՆ Է, ԹԷ ԱԿԱՆԱՏԵՍ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆՔ ԿԱՄ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՆՔ «ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՄԸ», ԿԸ ԳՐԷ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԵՒ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ԱՅՍ ԵԶՐԷՆ ԱՆԴԻՆ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ:
Որեւէ նոր եւ գլխաւոր յայտնագործում, թեքնիք կամ յայտնաբերում անմիջապէս մտածել կու տայ յեղափոխութեան մասին: Արհեստագիտական նորութիւններ մատակարարողներու նախասիրած բառն է այս:
Յեղափոխութեան գաղափարը կ՛օգտագործուի ոչ միայն յատուկ տեսակի արհեստագիտութիւն մը ծանուցողներու կողմէ, այլ նաեւ` կլիմայի փոփոխութեան առնչութեամբ քաղաքականութիւն մշակող անձերու, ինչպէս` Նիքըլըս Սթըռն, որ կոչ ուղղած է բնածուխի ցած համեմատութիւններով նոր տեսակի ճարտարարուեստական յեղափոխութեան մը: Օգտագործուած արհեստագիտութիւնները, եւ ամէնէն կարեւորը` զանոնք ներառող որոշումներ կայացնելու գործընթացները մեծ մասամբ երկրորդական կը թուին ըլլալ: Գաղափարը այն է, թէ յեղափոխութեան մէջ է փրկութիւնը:
Սակայն արդեօք յեղափոխութիւն բառը ճի՞շդ եզրն է նկարագրելու, թէ ինչպէ՛ս տեղի կ՛ունենայ արհեստագիտական փոփոխութիւնը, կամ թէ` ինչպէ՛ս կրնայ բարելաւել մեր կեանքը: Եթէ պատասխանը ո՛չ է, ապա փոխարէնը ինչպէ՞ս պէտք է խօսինք այս գործընթացին մասին:
Դժուար չէ հասկնալ, թէ անոնք, որոնք կ՛ուզեն արտադրութիւն մը կամ գաղափար մը վաճառել կամ ծախել, կը գործածեն «յեղափոխութեան» եզրը: Անիկա կ՛ոգեւորէ եւ յառաջդիմական երանգ մը կ՛արտացոլէ: Սակայն դժուար է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ լրագրողներ, քաղաքականութիւն մշակողներ եւ ուրիշներ կ՛որդեգրեն նման ոճ: Անոնք, որոնք անհամբեր են արհեստագիտական նոր միջոց մը շուկայ իջեցնելու կրնան յայտարարել` «ապագան ա՛յս է»: Սակայն արդեօք իրաւունք չունի՞նք պարզապէս իբրեւ յաւելեալ միջոց ընտրելու կամ մերժելու արհեստագիտական նորութիւն մը: Մեր ապագան այնքան ալ սահմանափակ չէ, ինչպէս յեղափոխութեան հռետորութիւնը կը յայտարարէ: Հարցադրումի առիթներ ստեղծելը եւ այլընտրանքներ մերժելը կրնայ նպաստել բոլորիս:
Փոփոխութեան Յոյսը
Յեղափոխութեան գաղափարը կը չափազանցէ փոփոխութիւն յառաջացնելու արհեստագիտութեան ուժը` առանց այլ դերակատարներու եւ գործօններու: Օրինակ` երեք տարաչափութեամբ (3 Տի.) տպագրութիւնը կրնայ պարզապէս յեղաշրջում մը ըլլալ սպառողական շուկային մէջ, եթէ այսպէս սահմանենք: Տեղեկութիւններու հսկայական շտեմարաններ արդէն յատկանշական ներգործութիւն սկսած են ունենալ շատերու կեանքին մէջ եւ հաւանական է, որ շարունակեն ունենալ, սակայն վիճարկելի է, թէ ճիշդ ի՛նչ տարողութեամբ: Արհեստագիտական կամ գիտական յեղափոխութիւններ նաեւ ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային յեղափոխութիւններ են: Տարբեր գործօններ իրենց ներգործութիւնը կ՛ունենան արհեստագիտութեան միջոցով մեր կեանքը ձեւաւորելու վրայ, ինչպէս` ընկերային տիրող իրավիճակներ եւ ղեկավար կառոյցներ: Վտանգաւոր է անտեսել նման ենթահողեր:
Նաեւ կ՛արժէ յիշել, թէ Ճարտարարուեստական յեղափոխութիւնը այնքան ալ փառաւոր չէր բոլորին դիտանկիւնէն: Մարդիկ տառապեցան, մարդիկ պայքարեցան անոր դէմ, եւ այս բոլորը` նախքան երկար ժամանակի վրայ այս յեղափոխութեան չնախատեսուած անդրադարձներու յայտնութիւնը, ինչպէս` բնածուխի արտանետումներ:
Լիւտիթի ապստամբութեան (1811- 1817) 200-ամեակը պիտի տօնենք քանի մը տարիէն: Անիկա ամէնէն աւելի ծանօթ է մարդուժը փոխարինող մեքենաները կոտրտելու արարքներով: Սակայն թերեւս զարմանալի չէ, որ Լիւտիթ բառը այսօր հոմանիշ դարձած է անձի մը, որ կ՛ընդդիմանայ արհեստագիտական յառաջդիմութեան կամ հաւանաբար կը վախնայ անկէ: Սակայն Լիւտիթի ապստամբութիւնը աւելի արհեստագիտութեան վրայ հակակշիռ ունենալու մրցակցութեան հարց էր, քան` ինքնին արհեստագիտութեան դէմ ըլլալու: Յաճախ մէջբերուած է Լիւտիթի ղեկավար Ճորճ Մելըրի հետեւեալ խօսքը. «Մի՛ քանդէք մեքենաները, սակայն, սպաննեցէ՛ք անոնց տէրերը»: Յաճախ նաեւ կը մոռցուի այս շարժումը ճզմելու ճիգը: Լիւտիթի 200-ամեակի ծրագիրին համաձայն, Մելըրի, ինչպէս նաեւ` շարժումին այլ անդամներուն մարմինները բժշկագիտական ուսումնասիրութիւններու տրամադրուած են իբրեւ պատիժ, որպէսզի անոնք նահատակութեան չարժանանան:
Ապագայի Ուղին
Ճարտարարուեստական յեղափոխութիւններու մասին հազուադէպօրէն պատմուած դէպքեր յիշելու կողքին, նաեւ պէտք է նշել կարգ մը փոփոխութիւններ, որոնց չէ շնորհուած «յեղափոխութեան» մակարդակ, թէեւ հաւանաբար արժանի եղած են նման բնորոշումի: Թերեւս անջրպետանաւերն ու շոգիով աշխատող շարժակները պատուոյ դիրք կը վայելեն գիտութեան եւ ճարտարարուեստի թանգարաններու մէջ, սակայն նոյնքան հզօր յայտնագործումներ, ինչպէս` լուացքի մեքենաներ եւ հեծիկներ, մոռցուած կը մնան նկուղներու մէջ: Արհեստագիտական բոլոր յեղաշրջումները նոյն ձեւով չեն արժեւորուած:
Հետեւաբար, ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ արհեստագիտութեան մասին: Ձեւերէն մէկը եղափոխութեան կամ միջավայրի եւ անոր մէջ ապրող բաներու միջեւ կապին փնտռտուքն է, մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով մարդոց, գործիքներու եւ միջավայրի փոխգործօն կապին վրայ: Սակայն նաեւ կ՛արժէ նշել այս բոլորին նպատակը կամ քաղաքականութիւնը: Սասեքսի համալսարանէն բնական աղբիւրներու յարատեւութիւնը երաշխաւորող բարգաւաճումի մասնագէտներ կը վիճին, թէ արհեստագիտական փոփոխութեան մասին մեր խօսքերը յաճախ կ՛արտացոլեն ուժի եւ հարստութեան տէր անձերու նպատակներն ու հայեցակէտերը: Անոնք կը մտածեն, թէ ուժի տէր անձերու «լայն պողոտաներու» վրայ արշաւող գաղափարները կը ճզմեն «արահետներու վրայ» ընթացող այլոց գաղափարները, եւ իրօք, կը գործածեն փոխաբերական այս պատկերները: Աւելի պարզ ձեւով կարելի է ըսել, թէ դրամով կարելի է բարձրացնել մեծ աղմուկ, որ կրնայ լռութեան մատնել ապագայի պիտանի, արդար, յանդուգն եւ նորարար այլ տեսլականներ: Ի վերջոյ «յեղափոխութիւն» կը նշանակէ հայեցակէտի մը տիրապետութիւնը` այլ հայեցակէտերու վրայ:
Նաեւ հարկ է նշել, թէ անցեալի յեղափոխութիւնները նախօրօք չեն ծրագրուած կամ անուանուած: Տնտեսութեան անգլիացի պատմաբան Առնոլտ Թոյնպի, որ «Ճարտարարուեստական յեղափոխութիւն» եզրը ժողովրդականացուցած է, ծնած է 1840-ին Ճարտարարուեստական առաջին յեղափոխութեան աւարտէն 12 տարի ետք: Այսուհանդերձ, նման շարժումներ ծաւալած են եւ հաւանաբար կրնային աւելի ծաւալիլ` հասկնալու համար ստեղծուած հարցերը եւ հաւանական այլընտրանքներն ու մօտեցումները: Եւ որովհետեւ արհեստագիտութիւնները ուժը ունին կերպարանափոխելու մեր աշխարհը, յառաջդիմութեան ուղին գծելու մէջ դեր պէտք է ունենանք բոլորս: Կարիքը ունինք լրագրողներու, քաղաքականութիւն մշակողներու եւ հրապարակաւ արհեստագիտութեան մասին խօսող անձերու, այսինքն` ոչ միայն արհեստագիտական նորութիւններ վաճառելու նպատակով հանրութեան խօսող անձերու, որպէսզի մեզի օգնեն` ի յայտ բերելու համար մեր կեանքին վրայ արհեստագիտութեան ներգործութեան մէջ դեր ունեցող ընտրանքները եւ ո՛չ թէ սահմանափակեն մեզ «յեղափոխութեան» մը ակնարկող սովորական խօսքերով:

