Բարիին, Գեղեցիկին, Դրականին Ու Խաղաղութեան Ձգտումով. «Արուեստը Պէտք Է Ըլլայ Միջազգային Լեզու Եւ Արուեստագէտը Պէտք Է Մտածէ Ու Դէպքերը Ընկալէ Միջազգային Դիտանկիւնէ» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Թալին Քէշիշեան
Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Արուեստի արդի շրջանակներուն մէջ արդէն իսկ ծանօթ դէմք է երիտասարդ գեղանկարիչ Թալին Քէշիշեան: Փոքր տարիքէն հետաքրքրուած է գծագրութեամբ ու առհասարակ գեղանկարչութեան մարզով: Արուեստի նկատմամբ անոր ինքնաբուխ հետաքրքրութիւնն ու խանդավառութիւնը զինք մղած են դպրոցական կանուխ տարիքէն իսկ մասնակցելու գծագրութեան ցուցահանդէսներու: Ու ան յաջողած է իր ընտրանքին մէջ: Այս գծով հանգուցեալ արուեստագէտ Փոլ Կիրակոսեան դպրոցական ցուցահանդէսի մը ընթացքին դեռատի Թալինին մատիտի մէկ գիծով, մատիտը առանց տեղէն հանելու գծած մեծ մօրը պատկերին հիանալով` «այս աղջիկը արուեստագէտ պիտի ըլլայ» վկայող գնահատականը խոր ազդեցութիւն ունեցած է ապագայ գեղանկարիչին կազմաւորումին վրայ: Ամէնուրեք դրականն ու բարին, գեղեցիկն ու խաղաղութիւնը ջատագովող բազմատաղանդ այս արուեստագէտը օժտուած է նաեւ երաժշտական ունակութեամբ, զոր ան նուիրագործած է` աւարտելով Լիբանանի պետական երաժշտանոցի Օփերայի բաժանմունքը: Աւստրիոյ մէջ գեղանկարչական իր մասնագիտութեան ընթացքին հարկադրուած է մայրենիի, արաբերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի, իտալերէնի կողքին հմտանալ նաեւ գերմաներէնի մէջ ու առ այդ հետեւած է գերմաներէն լեզուի խտացեալ դասընթացքի, զոր աւարտած է գերազանց արդիւնքով:
2007-ին Վիեննայի գեղարուեստից հիմնարկէն ստացած է իր մագիստրոսի վկայականը` դարձեալ գերազանց արդիւնքով: Նախքան այդ, 2003-ին Թալին Քէշիշեան եղած է Աւստրիոյ «Լենզինկ Էյ.Ճի.» (LENZING AG) մրցանքի առաջնութեան դափնեկիրը: Որպէս դասախօս յաճախ կը հրաւիրուի լիբանանեան ԱԼՊԱ համալսարանի աշխատանքային վարժանիստերուն: Անձնական ցուցահանդէսներ կազմակերպած է Լիբանանի մէջ թէ այլուր եւ մասնակցած հաւաքական ցուցահանդէսներու` Լիբանանի, Ֆրանսայի, Աւստրիոյ, Վիեննայի եւ Վենետիկի ինչպէս` «Սամուէլ Մուրատեան» վարժարանի «Ճիովաննի Փիթթորի Արմենի» եւ իր շէնքի ցուցասրահը Պելճիքայի մէջ` արուեստագէտ Ժան Պօղոսեանի կազմակերպած «Արթ իզ տի անսըր» (Art Is The Answer) թեմաներով ցուցահանդէսներուն:
Վերջերս ան անձնական ցուցահանդէս մը կազմակերպեց լիբանանեան «Սարայա Ֆան» ցուցասրահին մէջ: Այս առթիւ «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ անոր հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Վերջերս անձնական ցուցահանդէս մը կազմակերպեցիք «Սարայա Ֆան»-ի մէջ, որո՞ւ հովանաւորութեամբ էր, ի՞նչ առիթով էր:
ԹԱԼԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Մասնաւոր առիթ մը չկար, պարզապէս Պիքֆայայի «Սարայա Ֆան» ցուցասրահին տէրը` Սամիր Տաղէր, ամրան ընթացքին իր շէնքի ցուցասրահը անվճար կը տրամադրէ գիրքի ներկայացման կամ ցուցահանդէս կազմակերպելու համար` շրջանի քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ: Նախօրօք հրաւէր կ՛ուղղէ ծանօթ արուեստագէտներու եւ ըստ այնմ կը կազմէ ցուցասրահի ձեռնարկներու ժամանակացոյցը: Այս աշխատանքը ան առաւելաբար վստահած է արուեստագէտ Շարլ Պէշիրի, որ նոյնպէս կը գծէ եւ պատասխանատուն է նման ձեռնարկներու: Ինք էր, որ առաջարկեց ինծի, որ առանձին ցուցահանդէս մը կազմակերպեմ մանաւանդ որ ես ալ Պիքֆայա ծնած եմ ու հոն կ՛ապրիմ: Երկու շաբթուան տեւողութեամբ ցուցադրեցի ցարդ գծած գործերուս լաւագոյնները` ինսունմէկ պատկերներ` աքրիլիք, կրավիւր, աքուարէլ, վինիլ եւ սքէչներ: Բաւական գնահատուեցաւ ու սրահը միշտ լեցուն էր հայ թէ ոչ հայ լիբանանցի եւ օտար արուեստագէտ-արուեստասէրներու այցելութեամբ: Այս առթիւ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ս. Տաղէրին եւ արուեստագէտ Շարլ Պէշիրին:
«Ա.».- Ձեր նորագոյն գործերուն մէջ առաւելաբար գերակշռող են կապոյտ ու սպիտակ գոյները: Ինչո՞ւ գոյներու այս ընտրանքը, ի՞նչ կ՛ուզէք փոխանցել: Նաեւ` ձեր կարգ մը պատկերներուն մէջ կը բացակայի անոնց շուքը, դիտումնաւո՞ր է այս ոճը:
Թ. Ք.- Ես գծած եմ բոլոր ոճերով ու գոյներով, այլապէս վկայական չենք կրնար ստանալ: Բայց սպիտակ գոյնը անմեղութեան, անբծութեան խորհրդանիշ է: Իսկ կապոյտը` խաղաղութիւն փոխանցող, անդորրութեան խորհրդանիշ է: Մենք Լիբանանի մէջ պէտք ունինք խաղաղութեան` ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս: Ճիշդ է կարգ մը պատկերներուս մէջ, յատկապէս վերջին ցուցադրութեանս ընթացքին «Սարայա Ֆան»-ի մէջ, կը հանդիպինք պատկերներու, ուր մարդիկ ճամպրուկ շալկած են, բայց շուք չունին: Այս ոճով կ՛ուզեմ փոխանցել կեանքի այն փիլիսոփայութիւնը, թէ մարդիկ հոգ, բեռ չունին, իրե՛նք են, որ կը ստեղծեն, «կը մեծցնեն» կամ «կը թեթեւցնեն» իրենց բեռը: Նաեւ` արուեստագէտը պէտք է մտածէ միջազգային դիտանկիւնէ, չկեդրոնանայ միայն տեղական հարցերու վրայ: Արուեստը պէտք է ըլլայ հաղորդակցութեան միջազգային լեզու, ուր արտացոլան մարդկային արժէքներ, եւ որ հասկնալի ըլլայ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն: Արուեստիս ընդմէջէն իմ ներկայացուցած նիւթս կամ հարցս հասկնալի պէտք է ըլլայ բոլորին: Այսինքն` ճափոնցին, չինացին, անգլիացին երբ դիտեն գործերս, պէտք է ըմբռնեն փոխանցած պատգամս` ընդհանուր գիծերու մէջ, առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու:
«Ա.».- Ձեր արուեստի թղթապանակը բաւական ճոխ ու հարուստ է Լիբանանի նոյնքան եւ` Եւրոպայի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներու մասնակցութեամբ: Ինչպէ՞ս կը մասնակցիք նման ձեռնարկներու, նախապայմաններ կա՞ն:
Թ. Ք.- Եւրոպայի մէջ մասնագիտական ուսմանս ընթացքին արուեստի պատկան պատասխանատուներ, համալսարաններու տնօրէններ ծանօթացան արուեստի գործերուս եւ զանազան առիթներով հրաւիրեցին ու տակաւին կը հրաւիրեն մասնակցելու` որոշ թեմայով: Օրինակ, Եւրոպայի ու յատկապէս` Աւստրիոյ մէջ համալսարաններու տնօրէններ ժողովներ կը գումարեն ու կ՛որոշեն որոշ նիւթեր, թեմաներ եւ ներկայացուած գործերուն մէջէն կ՛ընտրեն լաւագոյնները, ըստ տուեալ թեմայի: Ընտրուելու պարագային հրաւիրող կողմը կը հոգայ ճամբորդութեան, գործերու թէ այլ բոլոր ծախսերը, նաեւ կը գնէ յատուկ պատկեր մը: Ասոր կողքին կայ նաեւ հսկայական քարոզչութիւնը եւ օտար շրջանակներու մօտ ճանչցուելու կարելիութիւնը: Օրինակ կը յիշեմ` ինծի առաջարկեցին գծել ու ներկայացնել քանի մը սքէչներ մշակութային միջազգային մշակոյթներու խաչմերուկ (թրանսքալչըրըլ) թեմայով, գծեցի եւ յաջողեցայ:
«Ա.».- Դուք նաեւ օժտուած էք երաժշտական յատկութեամբ եւ վկայուած էք Լիբանանի պետական երաժշտանոցէն: Կ՛ուզէ՞ք խօսիլ ձեր այդ փորձառութեան մասին: Ինչո՞ւ կեդրոնացաք գեղանկարչութեան վրայ:
Թ. Ք.- Մայրս դաշնակի դասեր կու տար, ինչ որ ազդած էր վրաս, ու դպրոցական տարիքէս արդէն հետաքրքրուած եմ նաեւ երաժշտութեամբ` յաճախելով Լիբանանի պետական երաժշտանոց, ուր աշակերտեցի արուեստագէտ Ժանէթ Իլանճեանին: Եւրոպայի, Վիեննայի մէջ առաւելաբար «քորալ» կ՛երգէի: Վկայուելէս ետք անհատական երգահանդէսներ ալ տուի, սակայն որոշ փորձառութենէ ետք յանգեցայ այն համոզումին, թէ երաժշտական ասպարէզի ընտրութիւնս կրնայ աւելի յաջողիլ Եւրոպայի մէջ, ուր հանրութիւնը աւելի կը գնահատէ` մանաւանդ դասական երաժշտութեան ձիրքեր: Օրինակ, Վիեննայի մէջ շատ յաճախ կ՛այցելէինք օփերաներ, ուր հանրութիւնը խիստ կը գնահատէ նման ելոյթներ ու արժէքներ: Միւս կողմէ ալ` կը սիրեմ ու կը նախընտրեմ Լիբանան ապրիլ մանաւանդ որ միաժամանակ սրտիս կը խօսի նաեւ գեղանկարչութեան մարզը եւ մանկութենէս ինքնաբուխ մղում մը ունէի այս ուղղութեամբ, որուն մէջ նախընտրեցի մասնագիտանալ ու ստեղծագործել:
«Ա.».- Ըստ ձեզի, ներկայի չափանիշներով ինչպէ՞ս կը բնութագրէք արուեստագէտը:
Թ. Ք.- Ինչպէս նշեցի` արուեստագէտի մը գործերը պէտք չէ սահմանափակուին տեղական մակերեսային կամ անցողակի հարցերով: Անոնք պէտք է ըլլան միջազգային բնոյթով, ուր կը ցոլան համամարդկային արժէքներ, հասկնալի բոլորին: Այլ խօսքով `արուեստը միջազգային հաղորդակցութեան հասարակաց լեզու պէտք է ըլլայ` խաղաղութեան ու գործակցութեան ոգի փոխանցելու առաջադրանքով: Նաեւ` համալսարանին մէջ մեզի կը թելադրուէր գծել, ստեղծագործել ու ցուցադրել, մի՛շտ ցուցադրել, «կ՛ուզէք ճամբու եզրին ցուցադրեցէք, բայց ցուցադրեցէ՛ք» կ՛ըսէին մեզի:
«Ա.».- Ձեր այս վերջին ցուցահանդէսէն ետք յառաջիկայի ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:
Թ. Ք.- Յառաջիկայ աշնան հրաւիրուած եմ ցուցահանդէսի մը մասնակցելու հարաւային Աւստրիոյ մէջ, ուր ամէն տարի կը կազմակերպուի «Աշնանային ցուցահանդէս» մը, յատկացուած` նշանաւոր արուեստագէտներու ընտրեալ գործերուն: Իսկ Լիբանանի մէջ ներկայիս գործերս կը ցուցադրեմ «Ռոշան» ցուցասրահին մէջ, Սէյֆի վիլէյճ: Նաեւ որոշած եմ լծուիլ յառաջիկայ տարուան գործերուս պատրաստութեան:
«Ա.».- Իսկ յառաջիկայ տարին` 2015-ը ծանօթ է, որ կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Այս գծով որեւէ ծրագիր ունի՞ք: Որեւէ առիթով մասնակցա՞ծ էք հայրենիքի մէջ կազմակերպուող սփիւռքահայ արուեստի ցուցահանդէսներուն կամ առնչակից որեւէ հանդիպումի Երեւանի մէջ:
Թ. Ք.- Հայրենիք այցելած եմ եւ Հայաստանի քաղաքացիութեան անցագիր ալ ստացած եմ, բայց արուեստի կապակցութեամբ ձեռնարկներու ցարդ չեմ մասնակցած, թէեւ երազս է այդպիսի առիթներով Հայաստան գտնուիլ: Իսկ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին գծով առաջարկներ եղան, այո՛, բայց տակաւին վերջնական, յստակ բան չկայ: Իմ կարգիս կը փափաքիմ մասնակցիլ եւ ընդառաջել այս առիթով արուեստի առնչուող որեւէ ձեռնարկի, ի վերջոյ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդի թոռնիկներն ենք:
«Ա.».- Ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր վերջին խօսքը, յատկապէս «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն:
Թ. Ք.- Պիտի ըսեմ, որ միշտ դէպի լաւը նայինք, հարցերուն, երեւոյթներուն դրական կողմերը տեսնենք: Արդէն երբ թերթերուն եւ լուրերուն հետեւինք` հոն վատը կ՛իշխէ: Աշխարհը բաւական ծանրաբեռնուած է վատ ու չար արարքներով, շատ զօրաւոր ինքնաքանդումի վրայ է, ատիկա չընենք մենք ալ: Գոնէ մենք մեզի դէպի լաւը, դէպի բարին ու դրականը, կառուցողականը ուղղենք: Կա՛յ վատը, կա՛յ չարը, բայց մենք չկրկնենք վատը: Մէկ խօսքով, քրիստոնէական խօսքով` իմ գործերս դիտողը թող լաւը, բարին, գեղեցիկն ու դրականը տեսնէ, թող սիրէ եւ Աստուծմէ վախնայ: Դրական մտածելով, լաւին հետեւելով միշտ կը յառաջանանք: Մենք, որ Լիբանանի մէջ տարիներով պատերազմ տեսած ենք ու մանաւանդ որպէս հայ` ջարդ տեսած սերունդի զաւակներ ենք, անցեալին մեզմէ գողցուած կեանքը, լաւ տարիները, լաւ բաները, մեր գործերու լաւ, գեղեցիկ ոճով արտայայտենք: Ես չեմ ուզեր եղած չարը, նեղութիւնն ու վախը կրկին ապրիլ: Վատին, չարին գերակշռութիւնը նոյն ոճով չդիմակալենք: Անոնք չեմ ուզեր իմ գործերովս արտայայտել, այլ` հարցերը մի՛ւս ձեւով լուծել, դրական մօտեցումով, միշտ դէպի լաւը, բարին, մաքուրը, դրականը նայելով: Անցեալի այդ նեղութիւնը, վախը կրկին չապրինք: Անցեալը արդէն քանդեց, յիշատակ է այլեւս ու յիշատակները յիշատակ կը մնան, անոնց գերին չդառնանք:

