Սիպերիոյ Մէջ Առեղծուածային Կերպով Յառաջացած Է Հսկայ Փոս Մը

1707HoleԲրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սիպերիոյ մէջ 80 մեթր լայնք եւ բաւական մեծ խորութիւն ունեցող փոս մը յառաջացած է: Հետազօտողները սկսած են ուսումնասիրել խորունկ փոսը, որ իր առեղծուածային ծագումով ապշահար ըրած է գիտնականները:

«Սայպիրիըն Թայմզ» կը հաղորդէ, որ ոմանք կը կարծեն, որ անիկա կրնայ յառաջացած ըլլալ երկնաքարի մը Երկրին հետ բախումէն ետք տեղի ունեցած ստորգետնեայ պայթումի մը իբրեւ հետեւանք, կամ ատիկա պարզապէս աղբահոր է, որ յառաջացած է ժայռի փլուզման պատճառով:

Վառ երեւակայութիւն ունեցող առցանց մեկնաբաններէն մէկը մինչեւ իսկ նշած է, որ ատիկա կրնայ մեր մոլորակին վրայ թռչող անծանօթ սարքերու յայտնուելուն ապացոյց ըլլալ:

Հիւսիսային սառուցեալ ովկիանոսի ափերուն գտնուող հեռաւոր թերակղզիի այս շրջանի անունը «Եամալ» է, որ կը թարգմանուի «աշխարհի վերջ»: Շրջանը կը պարունակէ Ռուսիոյ կազի մեծագոյն պաշարները, իսկ վերոնշեալ առեղծուածային փոսը յառաջացած է մեծագոյն կազի դաշտէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Share this Article
CATEGORIES