«Ռուսիա Պէտք Է Վերականգնէ Իր Ներկայութիւնը Լատին Ամերիկայի Մէջ» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Նախագահը
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Ռուսիա պէտք է վերականգնէ իր ներկայութիւնը Լատին Ամերիկայի մէջ:
«Այստեղ (Լատին Ամերիկա) գալու պատճառը ՊՐԻՔՍ (Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան, Չինաստան, Հարաւային Ափրիկէ) երկիրներու վեհաժողովին մասնակցիլն էր… մենք վստահաբար պէտք է վերականգնենք ներկայութիւնը այդ չափազանց հետաքրքրական, շատ հեռանկարային շրջանին մէջ», ըսած է Փութին` աւարտելով իր վեցօրեայ լատինամերիկեան շրջապտոյտը:
Ըստ անոր, ՊՐԻՔՍ-ը նոր որակներ ձեռք կը բերէ, միջազգային հարցերուն մէջ կը ստեղծուի միասնական դիրքորոշում: Փութին յիշատակած է որդեգրուած հռչակագիրը, որ իր կարծիքով` կարեւոր փաստաթուղթ է, «որ կը խօսի երկիրներու դիրքորոշումներուն համաձայնեցման մասին»:
Ինչ կը վերաբերի դաշինքի ծիրին մէջ տնտեսական համագործակցութեան, Փութին ընդգծած է, որ կը մշակուի համագործակցութեան մեքանիզմ:

