Իրան Պաքուն Մեղադրած Է Թմրեցուցիչի Մաքսանենգման Յանցանքով

1707HeroinԱզրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Սէյիտ Մոհամետ Այաթոլլահի յայտարարած է. «Հակառակ անոր որ Իրանը բազմիցս դիմած է Ազրպէյճանին թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան դէմ միացեալ պայքար տանելու հարցով, սակայն պաշտօնական Պաքուն տակաւին ոչ մէկ պատասխան տուած է»:

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով Bizimhaber.az կայքը, կը հաղորդէ, որ իրանցի դիւանագէտը այդ յայտարարութիւնը կատարած է ի պատասխան Վրաստանի մէջ Ազրպէյճանէն Թուրքիա մեկնող բեռնատարին մէջ շուրջ երեք թոն հերոյինի յայտնաբերման հետ կապուած Ազրպէյճանի խորհրդարանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամ Զահիտ Օրուջի կողմէ կատարուած այն մեղադրանքներուն, թէ Իրանը կ՛օգնէ իր տարածքով թմրեցուցիչներու տարանցման:

Իրանցի դիւանագէտը ափսոսանք յայտնած է, որ նման յայտարարութիւններով պաշտօնական Պաքուն կը փորձէ մոլորութեան մէջ ձգել ընդհանուր կարծիքը եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղած է` թմրեցուցիչի Ազրպէյճանէն Վրաստան տարուելու հարցին մէջ:

Մոհամետ Այաթոլլահի ըսած է, որ Իրանը թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան դէմ պայքարին մէջ ամէնէն յաջողած երկիրներէն մէկն է: «Մեր երկիրը բազմիցս կանխարգիլած է թմրեցուցիչներու եւրոպական երկիրներ փոխադրելը եւ այդ ճամբուն վրայ բազմաթիւ նահատակներ տուած է: Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը քանի մը անգամ դիմած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան` թմրեցուցիչներու մաքսանենգութեան դէմ միացեալ պայքար մղելու համար, սակայն տակաւին ոչ մէկ պատասխան ստացած է», ըսած է ան:

Իրանցի դիւանագէտը աւելցուցած է, որ Զահիտ Օրուջի կողմէ այդ հարցին մէջ Իրանը մեղադրելու համար Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիր մը պիտի յղէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան:

Ազրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Զահիտ Օրուջ «Ենի Մուսաւաթ» թերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ Ազրպէյճանի տարածքով Վրաստան անցած հարիւրաւոր միլիոն տոլարներ արժողութեամբ թմրեցուցիչի տարանցման մէջ մեղադրած էր Իրանի պաշտօնական կառոյցները:

Թմրեցուցիչի դէմ պայքարին մէջ անգործութեան մատնուած Ազրպէյճանը ջանքեր կը գործադրէ Վրաստանի մէջ յայտնաբերուած թմրեցուցիչի մեծ քանակին համար միջազգային հանրութեան մեղադրանքները իրմէ հեռացնելու համար: Յուսահատ Պաքուն Իրանի հասցէին կատարած անյաջող մեղադրանքներէն ետք կատարած է այն զաւեշտալի յայտարարութիւնը, թէ Վրաստանի հարկային ծառայութիւնը յայտնած է, որ «2 թոն 790 քիլոկրամ հերոյինը Վրաստան մուտք գործած է ոչ թէ Ազրպէյճանի տարածքէն, այլ` Հայաստանի»:

Share this Article
CATEGORIES