Թուրքիա Կրնայ Մաքսային Միութեան Հետ Ազատ Առեւտուրի Գօտի Ստեղծել

Ալեքսէյ Ուլիուքայեւ

Ալեքսէյ Ուլիուքայեւ

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ տնտեսութեան նախարար Ալեքսէյ Ուլիուքայեւ իր թուրք գործընկերոջ հետ ունեցած բանակցութիւններէն ետք յայտարարած է, որ Թուրքիոյ կողմէ Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի Մաքսային միութեան հետ ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծելու նախաձեռնութիւն մը գոյութիւն ունի:

«Մենք քննարկած ենք հաւանական համագործակցութեան ձեւաչափը, ներառեալ` Թուրքիոյ եւ Մաքսային միութեան միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի ձեւաւորման կարելիութիւնը: Համաձայնած ենք ստեղծել համապատասխան աշխատանքային խումբ` այդ կարելիութիւններն ու հեռանկարները քննարկելու համար», ըսած է Ուլիուքայեւ` Սիտնիի մէջ Քսաններու խմբակի առեւտուրի նախարարներու հանդիպման ծիրին մէջ:

Ներկայիս Թուրքիան ազատ առեւտուրի գօտիի մասին համաձայնագիր ունի Եւրոպական Միութեան հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES