Էրտողան. «Մալեզիական Օդանաւը Վար Առած Են Ռուսերը»

Էրտողան` ընտրական հաւաքին ընթացքին
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Պուրսայի մէջ տեղի ունեցած ընտրական հաւաքի մը ընթացքին յայտարարած է, որ մալեզիական օդանաւը Ուքրանիոյ տարածքին մէջ վար առնուած է Ռուսիոյ կողմէ արձակուած հրթիռով:
«Իսկ ի՞նչ կար այդ օդանաւին մէջ: Վար կ՛առնուի Հոլանտայէն Մալեզիա թռիչք կատարող օդանաւը, որուն մէջ 160 հոլանտացի կար: Ասիկա ի՞նչ մօտեցում է: Չէ՞ որ կը պատրաստուէին խաղաղութիւն հաստատել ամբողջ աշխարհի վրայ», ըսած է Էրտողան:
Ան քննադատած է նաեւ Իսրայէլը` Կազայի դէմ կատարուած յարձակումին համար, եւ տեղի ունեցողը դարձեալ ցեղասպանութիւն որակած է:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին մալեզիական օդանաւի վար առնուիլը նկատեց ահաբեկչութիւն, զոր պէտք է հետաքննել: «Մենք կը դատապարտենք տեղի ունեցածը եւ զայն կը կոչենք ահաբեկչութիւն մալեզիական օդանաւի անմեղ քաղաքային անձերուն դէմ, որոնք Ամսթերտամէն կ՛ուղղուէին Քուալա Լամփուր», ըսուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ` աւելցնելով. «Անհրաժեշտ է, որ բոլոր հետաքրքրուած կողմերն ու կազմակերպութիւնները, ուքրանական իշխանութիւններուն հետ համագործակցելով, քննեն դէպքը եւ գտնեն մեղաւորներն ու զանոնք յանձնեն արդարադատութեան»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր կարգին երէկ յայտարարեց. «Մալեզիական օդանաւը վար առնելու համար օգտագործուած հակաօդային համակարգը ռուսական էր»:

