Կազայի Դէմ Յարձակումը 15-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցաւ
Մինչ Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումը երէկ 15-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ, իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ իր շարքերուն զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուած են: Պաղեստինեան դիմադրութիւնը 24 ժամուան մէջ կատարած է 5 գործողութիւններ, որոնք իսրայէլեան բանակին մէջ զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառած են: Ըստ ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին, Կազայի Շուժահիյա շրջանին մէջ բախումներուն ընթացքին իսրայէլացի 15 զինուորներ սպաննուած են: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ Շուժահիյայի ճակատամարտը կը նմանցնեն 2006-ին լիբանանեան Մարուն Ռաս գիւղի ճակատամարտին:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլացի զինուորներու եւ պաղեստինցի զինեալներու միջեւ դէմ առ դէմ բախումներ տեղի կ՛ունենան, իսկ «Ռոթըրնեթ» կայքը նշեց, որ ըստ նախնական տուեալներու, իսրայէլացի զինուոր մը գերեվարուած է: Իսրայէլեան բանակէն վիրաւորներուն շարքին է «Կոլանի» մասնայատուկ ուժերու հրամանատարը:
Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ կիրակի արշալոյսին Կազայի արեւելքը գտնուող Թուֆահ թաղամասին մէջ հարիւրաւոր մեթրեր յառաջացած իսրայէլացի զինուորները ձգած են թակարդի մը մէջ եւ անոնցմէ 14-ը սպաննած: Իսրայէլ ընդունեց, որ Շուժահիյայի մէջ շաբաթ գիշեր տեղի ունեցած ճակատամարտին ընթացքին ինկած իր զոհերուն թիւը 13 է:
Իսրայէլեան քաղաքական աղբիւր մը «Ուալահ» կայքին յայտնեց, որ Իսրայէլ կը ծրագրէ Կազայի դէմ ցամաքային յարձակումը ընդլայնել եւ պաղեստինեան շարժումներուն ուժեղ հարուած մը հասցնել:
Հետագային Շուժահիյա թաղամասին մէջ Միջազգային կարմիր խաչի առաջարկով ժամը 13:30-էն սկսեալ երեք ժամ տեւողութեամբ գործադրուեցաւ Միջազգային կարմիր խաչի մարդասիրական զինադադար մը, որ հետագային Իսրայէլ միակողմանի կերպով մինչեւ 16:30 երկարաձգեց:
Աւելի ուշ, Շուժահիյայի մէջ հսկայ հրդեհ մը յառաջացաւ: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Կազայի ռմբակոծման ընթացքին մէկէն երկու թոն ուժգնութեամբ ռումբեր կ՛օգտագործէ:
Համաս շարժումի բանբեր Սամի Ապու Զահրի յայտնեց, որ Կազայի իրադարձութիւններուն նկատմամբ արաբական կեցուածքները տակաւին անհրաժեշտ մակարդակը չունին` աւելցնելով. «Կազան արաբներուն օգնութեան կարիքը ունի»:
Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա Շուժահիյայի մէջ իսրայէլեան բանակի գործածը «կատարեալ պատերազմական ոճիր» նկատեց եւ միջազգային հետաքննութիւն պահանջեց:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց. «Համաս «յամառօրէն զինադադարը կը մերժէ»` աւելցնելով. «Կարեւոր է, որ Համաս ընդունի, որ զինադադարը կեանքեր պիտի փրկէ»: Ան կոչ ուղղեց գոյացնելու զինադադարի հաստատման «արդար» համաձայնութիւն մը, որ հիմնուած ըլլայ եգիպտական նախաձեռնութեան վրայ:
Կազայի մէջ առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ իսրայէլեան յատձակումին պատճառած զոհերուն թիւը բարձրացած է 365-ի, իսկ վիրաւորներունը` 3000-ի:

