«Շուտով Մեր Ժողովուրդը Պիտի Օգտուի Բոլոր Այն Բարիքներէն, Որ Իր Քաղաքացիներուն Կու Տայ Եւրոպան» Կ՛ըսէ Ղարիպաշվիլի

Իրաքլի Ղարիպաշվիլի
«Կրուզիա օնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի յայտարարած է, որ իրենք պէտք է յամառօրէն աշխատին, որպէսզի իրենց արժանի տեղը գրաւեն միասնական եւրոպական ընտանիքին մէջ:
«Ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրի ստորագրումով մեզի համար կը սկսի Երոպական Միութեան հետ համարկման նոր հանգրուան` հետաքրքրական եւ մարտահրաւէրներով լեցուն ճամբայ դէպի Եւրոպա, ինչ որ մեզմէ` կառավարութենէն, քաղաքական ուժերէն եւ հասարակութենէն մեծ ջանքեր եւ հաւատարմութիւն պիտի պահանջէ: Մենք պէտք է շատ աշխատինք, որպէսզի յայտնուինք այնտեղ, ուր կը տեսնենք մեր զարգացման հեռանկարը, ուր մենք զմեզ անվտանգ եւ պաշտպանուած պիտի զգանք», ըսած է Ղարիպաշվիլի:
Վարչապետը յայտարարած է, որ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը Վրաստանի Եւրոպական Միութեան հետ համարկման նախագիծն է, որ պէտք է իրագործուի:
«Այդ նախագիծը կը նախատեսէ ժողովրդավարական սկզբունքներուն հաւատարմութիւն, եւ ես ուրախ եմ, որ մեր ժողովուրդը շուտով պիտի կարենայ օգտուիլ բոլոր այն բարիքներէն, որոնք իրենց քաղաքացիներուն կու տան Եւրոպական երկիրները», ըսած է Վրաստանի վարչապետը:

