Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ինք ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի պիտի զօրակցի` պետական պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերը ճշդելու եւ բաժնելու քայլերը օրէնքի հիման վրայ կատարելու առումով:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութիւնը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ վերջերս վար առնուած մալեզիական օդանաւին մէջ կը գտնուէին երկու լիբանանցիներ` հաստատելով, որ անոնք աւստրալիացիներ են, որոնք կը կրեն նաեւ եգիպտական հպատակութիւն:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան արաբներէն եւ լիբանանցիներէն պահանջեց զգուշ վարուիլ եւ զգաստ մնալ Իսրայէլէն: Շէյխ Քապալան խստիւ դատապարտեց Կազայի եւ պաղեստինցիներուն դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած բռնարարքները:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Ժիպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոսը կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուներուն Լիբանանը փրկելու եւ նախագահական ընտրութիւնը առաջնահերթութիւն դարձնելու:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ իրենք խիստ կարիքը ունին շրջանային զարգացումներուն հետեւանքներէն Լիբանանը հեռու պահելու յանձնառութեան:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ Լիբանանի հարցերը կարելի է լուծել անոր նկատմամբ հաւատարիմ մնալով եւ վերջ տալով նախագահական աթոռին թափուր մնալուն:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Իսրայէլ այսօր Կազայի մէջ պարտութիւն կը կրէ` շնորհիւ Դիմադրութեան:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններն ու խորհրդարանական օրէնսդրական նիստերը արգելակող կողմերը ոչ մէկ շահ պիտի կարենան ապահովել, այլ` պիտի տառապին այս կեցուածքին հետեւանքներուն պատասխանատուութենէն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի կոչ ուղղեց խորհրդարան ուղղուելու եւ աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեց, որ Իրաքի մէջ չափաւորականութեան դէմ հասած հարուածին պատճառով է, որ շրջանին մէջ ծնած է ՏԱՀԵՇ-ը եւ պատճառած նման կացութիւն:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն վերաբերող թղթածրարը անելի մատնուած է:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր կառավարութեան աշխատանքները խոչընդոտել` աւելցնելով սակայն, որ կառավարութեան աշխատանքը արգելակողը կը կրէ իր արարքին պատասխանատուութիւնը:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ինք յանձնառու է նախագահական աթոռի թափուր մնալու դրութեան վերջ մը տալու եւ երկրին ընթացիկ հարցերը լուծելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի առաջադրած նախաձեռնութեան առաջին օրակարգը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է:
ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնած են, որ եթէ ներքին լիբանանեան համախոհութիւն մը չգոյանայ, ապա Լիբանանի ապագան բաւական մութ իրավիճակի մէջ կը գտնուի:
ԱՔՔԱՐԻ Նուրա գիւղաքաղաքը ռմբակոծումի ենթարկուեցաւ սուրիական ուժերուն կողմէ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, որ իրենք կը մերժեն պետական պաշտօնեաներու, ուսուցիչներու եւ զինուորականներու աշխատավարձերու յաւելումը կատարել` ելեկտրական հոսանք ստանալու տուրքը բարձրացնելու ընդմէջէն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ լիբանանցիներուն առաջնահերթութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը գործուղած է ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի մօտ` վերջ տալու համար ելեւմտական հարցերուն շուրջ տարակարծութիւններուն:

