Աուտէ Եպիսկոպոսը Ընդունեց Ինթըրփոլի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Նոպել, Աուտէ եպիսկոպոս եւ Մըր
Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը շաբաթավերջին Էշրեֆիէի մէջ ընդունեց Ինթըրփոլի նախագահ Էլիաս Մըրը, որուն ընկերակցեցաւ Ինթըրփոլի ընդհանուր քարտուղար Ռոնալտ Նոպելը:
Հանդիպումէն ետք Մըր յայտնեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսին հետ քննարկած են շրջանային իրադարձութիւնները, Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքին կացութիւնը, Լիբանանի նախագահական աթոռին թափուր մնալուն իրականութիւնը, Իրաքի քրիստոնեաներուն իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն ապահովութիւնը` նկատի ունենալով, որ անոնք լուրջ փորձանքի կ՛ենթարկուին:
Մըր յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարել:
Մըր ընդգծեց, որ այնքան ատեն որ Լիբանան հանրապետութեան նախագահ չունի, ապա ան ենթակայ պիտի մնայ բոլոր հաւանականութիւններուն` ըլլան անոնք ապահովական, տնտեսական, քաղաքական թէ ընկերային:

