Ֆինիւլ-ի Ուժերուն Նոր Հրամանատարը Ժամանեց Լիբանան

Զօր. Լուչիանօ Փորթոլանօ

Զօր. Լուչիանօ Փորթոլանօ

Երէկ երեկոյեան Պէյրութ ժամանեց իտալացի զօրավար Լուչիանօ Փորթոլանոն, որ պիտի ստանձնէ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութեան պաշտօնը:

Նշենք, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու ներկայ հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա յառաջիկայ օրերուն Լիբանանէն պիտի մեկնի Իտալիա` զօր. Փորթոլանոյի յանձնելէ ետք ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES