Բանակը Հասպայայի Մէջ Կը Բացայայտէ Մարտկոց Մը

Լիբանանեան բանակը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ բանակի մէկ ջոկատը կրցած է բացայայտել մարտկոց մը, որ պատրաստ էր «Քաթիուշա» տիպի հրթիռներ արձակելու դէպի բռնագրաւուած Պաղեստին:

Այդ մարտկոցը գտնուեցաւ Հասպայայի անտառներուն մէջ:

Միւս կողմէ, Հըզպալլա Արսալի մէջ իր դիրքերը զօրացուց, ինչպէս նաեւ զինուորական յաւելեալ ուժերով համալրեց իր շարքերը` դիմադրելու համար Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի անդամներուն:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը դիրքաւորուեցաւ Հիւսիսային Պեքաայի եւ Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ` արգիլելու համար Սուրիայէն զինեալներուն մուտքը  Լիբանան:

Share this Article
CATEGORIES