«Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն Ապահովական Ծրագիրին Գործադրութիւնը Առանց Լիբանանցիներուն Միջեւ Խտրութեան» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Դեսպան Ասիրի եւ վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութիւնը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 24 յուլիս 2014-ին, վարչապետարանին մէջ:
Վարչապետ Սալամ շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ երէկ Մուսայթպէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց մեծ թիւով հոգեւորականներ եւ պատասխանատուներ, որոնց ներկայութեան շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ Լիբանանի պետութեան հեղինակութեան` ընդգծելով, որ կառավարութիւնը կառչած կը մնայ ամբողջ Լիբանանի տարածքին գործադրելու օրէնքի իշխանութիւնը:
«Բանակն ու ապահովութեան ուժերը կը շարունակեն ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը` առանց լիբանանցիներուն միջեւ խտրութեան», ըսաւ վարչապետ Սալամ:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու է գործադրելու ապահովական ծրագիրը թէ՛ Թրիփոլիի, թէ՛ Հիւսիսային Պեքաայի եւ թէ՛ լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ: «Ապահովական ծրագիրները ոչ մէկ ձեւով փոփոխութեան պիտի ենթարկուին, այլ` պիտի շարունակեն վայելել լիբանանեան պետութեան հովանաւորութիւնը եւ տարբեր հանգրուաններով պիտի գործադրուին Լիբանանի ապահովութեան ուժերուն կողմէ», ըսաւ ան:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովութեան ուժերն ու դատական իշխանութիւնները պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը:
Ան աւելցուց նաեւ, որ հանրապետութեան նոր միւֆթիի մը ընտրութեան առումով ամէն ջանք ի գործ կը դրուի` նշելով, որ իրենք ճիգ պիտի չխնայեն Լիբանանի մէջ սիւննի համայնքին միասնականութիւնը պահպանելու առումով:

