Թրիփոլիի Մէջ Արձանագրուեցաւ Ապահովական Երկու Միջադէպ
Անցեալ շաբաթավերջին Թրիփոլիի մէջ արձանագրուեցաւ ապահովական երկու միջադէպ, որոնցմէ առաջինն էր դատական իշխանութեան կողմէ փնտռուած ահաբեկիչ Մունզեր Հասանի մահը, երբ ան Թրիփոլիի «Սիթի Քոմփլեքս» բնակարանային համալիրին մէջ գտնուող իր թաքստոցին մէջ ինքզինք պայթեցուց:
Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի մէկ զօրամասը շաբաթ երեկոյեան ուղղուեցաւ Թրիփոլի` ձերբակալելու համար Մունզեր Հասանը, որ Պէյրութի պանդոկներուն մէջ ձերբակալուած եւ անձնասպանական գործողութիւն կատարած ահաբեկիչներուն եւ անձնասպանական գործողութեան հեղինակներուն դրամ եւ ականուած գօտիներ մատակարարողն է:
Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին եւ ահաբեկիչներուն միջեւ արձանագրուած երեք ժամուան զինեալ բախումներէն ետք, Հասան առաւօտեան ժամը 3:30-ին ինքզինք պայթեցուց` օգտագործելով ականուած գօտի մը:
Իսկ երկրորդ միջադէպը այն էր, որ բանակին կողմէ զետեղուած Ապի Սամրայի անցարգելին վրայ ձերբակալուեցան շէյխ Հուսամ Սապպաղ եւ անոր թիկնապահները:
Շէյխ Սապպաղի ձերբակալման լուրին իբրեւ հետեւանք Պապ Թըպպանէի փողոցներուն մէջ հաւաքուեցան հարիւրաւոր երիտասարդներ եւ սպառնացին բոլոր ճամբաները փակ պահել, եթէ Սապպաղ ազատ չարձակուի:
Մինչ բանակը կը ջանար բանալ Թրիփոլիի փողոցները, մզկիթներուն մինարէներէն դատապարտումներ կը հնչէին շէյխ Հուսամ Սապպաղի ձերբակալութեան առնչութեամբ:
Առաւօտեան կանուխ ժամերուն անծանօթներ ձեռնառումբեր նետեցին Մանքուպինի մէջ գտնուող բանակի անցարգելին վրայ` պատճառելով նիւթական վնասներ, սակայն բանակը կրակ բանալով հակադարձեց:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը շաբաթ կէս գիշերին Մանար զարիվերին վրայ ձերբակալած է Հուսամ Ապտալլա Սապպաղը, որ ամբաստանուած է ահաբեկչութիւններ կատարելու յանցանքով եւ որուն դէմ բազմաթիւ բերման գիրեր արձակուած են:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ շէյխ Սապպաղի այցելած է Ալի Իսմայէլ Իսմայէլ, եւ բոլոր ձերբակալեալները յանձնուած են համապատասխան դատական իշխանութիւններուն:
Նշենք, որ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Սապպաղի ձերբակալումը այս հանգրուանին անտեղի է:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Սապպաղ Թրիփոլիի զինեալ ճակատներուն պատասխանատուներէն է եւ գետնի վրայ հզօրագոյնը. ան պահանջուած է դատական իշխանութիւններուն կողմէ, իսկ Զինուորական ատեանին մէջ անոր դէմ հսկայ թղթածրար մը գոյութիւն ունի:

