Ակնարկ. Խաղաղապահ Գործողութեան (Ան)Իրականացումը
Ազրպէյճանական զօրքերու գերաշխուժացումը, հետախուզական ներթափանցման գործողութիւններ իրականացնելու առումով, կարելի չէ բացատրել բացառապէս ներքին սպառման շարժառիթներով: Արդէն ռազմական վարքագիծի վերածուած է ոչ միայն արցախեան-ազրպէյճանական, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն -Ազրպէյճան շփման գիծերէն ներս կատարուող հերթական ոտնձգութիւններու շարքը: Նախիջեւանի ուղղութիւնը կրնայ այս բոլորին մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունենալ, բայց նախադրեալները կը յուշեն, որ նոր ճակատի բռնկման հնարաւորութիւններու հաւանականութիւնը շատ նուազ է այստեղ:
Եթէ պատերազմի վերսկսման հնարաւորութիւնը այս պահու դրութեամբ նուազ հաւանական է, ապա անվերջ այդ տեսութիւնը բարձրաձայնելը, այդ մասին վերլուծումներ հրապարակելը, Արցախի խրիմացումին մասին խօսիլը վերածուած է հրապարակագրական նորաձեւութեան: Հաստատումը չի վերաբերիր միայն ազրպէյճանական կողմին, այլ նաեւ` հայկական: Երկու պարագաներուն ալ որոշ վերլուծումներու մէջ կայ ներքին շուկայի մէջ առաւելներ ձեռք ձգելու ինքնամղումի գործօնը: Ազրպէյճանականը` անհամեմատելի մեծ տարողութեամբ:
Հրադադարի խախտումի այս անվերջանալի խաղի կանոնները կը թելադրուին միաժամանակ առնչակից կողմերէ: ԵԱՀԿ-ի այլեւս անբովանդակ յայտարարութիւնները, արձանագրուող զոհերուն, վիրաւորներուն եւ ոտնձգութիւններուն նկատմամբ շարունակուող համահաւասարեցման վարքագիծը եւ անհետեւանք մշտադիտարկումները այս առումով կը նախանշեն, որ հրադադարային խախտումներու այս գոյավիճակի շարունակութիւնը բանակցութիւններու միջնորդական աշխատանքի փիլիսոփայութեան համար առանցքային նշանակութիւն ունի: Երեւան-Ստեփանակերտ-Պաքու երթուղին կամ հակառակ շրջայցը միջնորդական մեթոտաբանութեան յանկերգային ընթացքին մասին կը խօսին:
Շեշտադրումներու փոփոխութիւնը կամ յստակ ուղերձներու փոխանցումը կը կատարուի այս կամ այն գերմիջնորդին կատարած յայտարարութիւններուն ընթացքին: Այդպէս էր «Քառնըկի» կեդրոնին մէջ համանախագահ Ուորլիքի կատարած յայտարարութիւնը. այնպէս են նաեւ միւս գերմիջնորդին, յատկապէս Ազրպէյճանի նկատմամբ որդեգրած քաղաքականութեան նոր ելեւէջները: Վեց կէտերէ բաղկացած հակամարտութեան լուծման սկզբունքներուն մէջ, իբրեւ վեցերորդ կէտ Ուորլիք կը յայտարարէր. կարգաւորումով պէտք է ապահովուին անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ, ինչ որ կը ներառէ խաղաղապահ գործողութիւն: Չկայ այնպիսի բեմագրութիւն, ուր խաղաղութիւնը ապահովուի առանց լաւ մշակուած ու բոլոր կողմերու վստահութիւնը վայելող խաղաղապահ գործողութեան»:
Պէտք է պարզ ընկալել Ուորլիքի առաջադրած խաղաղապահ գործողութիւնը: Այդ գործողութիւնը կ՛իրականացուի միջազգային ուժերով. նախընտրաբար ՕԹԱՆ-ով, բայց չէ բացառուած նաեւ ՄԱԿ-ի միջազգային խաղաղապահներով: Ուղերձի խառն բաժինը այստեղ բոլոր կողմերու վստահութիւնը վայելող խաղաղապահ գործողութեան նշումն է: Բոլոր կողմերը չեն մասնակիացուած: Պէտք է հասկնալ հայկական (արցախեան եւ հայաստանեան), ազրպէյճանական եւ ենթադրաբար` միջնորդ երկիրները: Բոլոր կողմերու փոխանցած այս առաձգականութիւնը առնչակիցներու կամ մասնակիցներու պատկանելիութեան անորոշութիւն կը ստեղծէ: Ինչ որ հակամարտութեան ներկայ գոյավիճակի կամ սառեցուած իրավիճակի տեւողութեան մասին կը յուշէ:
Եւ բնական է, որ «խաղաղապահ գործողութիւն» բանաձեւը ենթարկուի տարատեսակ մեկնաբանութիւններու: Յատկապէս այդ ուժերու բաղադրութեան բաժինը: Եւ եթէ ԵԱՀԿ-ը կը շարունակէ պատասխանատուութիւններու համահաւասարեցման անբովանդակ յայտարարութիւններ կատարելով նպաստել հրադադարի դրութեան խախտումի րեժիմի շարունակման, եւ եթէ խաղաղապահ ուժերու տեղակայման համար Ուորլիքի պետութեան համար ձեռնտու է հրադադարի խախտումի դէպքերու թափ ստանալը, նոյնը կարելի է վերագրել Հայաստանի ռազմավարական յատուկ դաշնակիցին, որ մէկ կողմէ դէպի Եւրասիական տնտեսական միութիւն ուղի կ՛ուզէ հարթել Ազրպէյճանին, որ իր թոյլտուութեամբ կանաչ լոյս կու տայ նազարպայեւներուն Ալիեւի ստորագրութիւնը կրող նամակներ կարդալու եւ մանաւանդ որ կը շարունակէ սպառազինել Ազրպէյճանը: Պէտք է այս բոլորէն հասկնալ, որ Պաքուն կը քաջալերուի նաեւ Մոսկուայէն հրադադարի խախտման դէպքերը շարունակելու: Գուցէ ոչ պատերազմական գործողութիւններ սկսելու: Այս գոյավիճակը շարունակելու:
«Ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն» գոյավիճակի երեւոյթը առիթ կու տայ շահագրգիռ եւ առնչակից կողմերուն պարբերաբար ընդգծելու խաղաղապահ գործողութիւններու անհրաժեշտութիւնը: Յայտարարութեամբ կամ սպառազինական առեւտուրով թէ՛ Միացեալ Նահանգները եւ թէ՛ Ռուսիան այս ուղղութեամբ ուղերձներ կը փոխանցեն: Խաղաղապահ ուժերու բաղադրութեան մասին է հիմնական տարակարծութիւնը:
Խաղաղապահ գործողութեան գաղափարէն կը թուի որ անհանգիստ է հարեւան Իրանը: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպանը մեկնաբանելով ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ խաղաղապահներու տեղաւորման հաւանականութիւնը` յայտարարած է, որ պաշտօնական Թեհրանը նմանատիպ նախաձեռնութեան դէմ է: Ըստ իրեն, հարցին լուծումը կախեալ է Հայաստանէն, Ազրպէյճանէն եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսք-ի խմբակէն: «Սակայն ես վստահ եմ, որ օտար ուժերու տեղակայումը սպառնալիք է տարածաշրջանային անվտանգութեան: Վառ օրինակ են Իրաքն ու Աֆղանիստանը», յայտարարած է դեսպանը:
Այս հաւանականութեան չէ արձագանգած միւս հարեւանը, որ տարբեր առիթներու կ՛ինքնաառաջադրուի միջնորդի դեր ստանձնելու արցախեան հակամարտութեան մէջ:
Խաղաղապահ ուժերու բաղադրութեան շուրջ գոյութիւն ունեցող հիմնական տարակարծութիւնը կը յուշէ, որ այնքան ալ հաւանական չէ նման գործողութեան իրականացումը: Գոյավիճակի պահպանումը կը բխի առնչակից կողմերու շահերէն:
«Ա.»

