Իսլամական Պետութեան Վերջնագիրէն Ետք Քրիստոնեաները Փախուստ Կու Տան Մուսուլէն
Իսլամական պետութիւնը Մուսուլի մէջ քրիստոնեաներուն ներկայացուց վերջնագիր մը` անոնցմէ պահանջելով իսլամանալ, կրօնական տուրք վճարել կամ սպաննուիլ: Իսլամական պետութեան ղեկավարը յայտարարութեան մը մէջ քրիստոնեաներուն յայտնեց, որ մինչեւ շաբաթ օր պէտք է հեռանան «Իսլամական խալիֆայութեան» սահմաններէն, եւ այդ թուականէն ետք «մեր եւ անոնց միջեւ բացի սուրէն ոչինչ կայ»:
Քրիստոնեայ ընտանիքները Մուսուլէն հեռացան դէպի Տոհուք եւ Էրպիլ:
Իրաքի մէջ կաթողիկէ քաղտէացիներու պատրիարք Լուիս Սաքօ ԱՖՓ-ի յայտնեց.«Իրաքի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով` Մուսուլ այժմ քրիստոնեաներէ դատարկուած է»:
«Ազդակ» կապ հաստատեց իրաքահայ համայնքի պատասխանատուներու հետ, որոնք հաղորդեցին, որ Մուսուլի մէջ մնացած քանի մը հայերը լքած են քաղաքը եւ անցած դէպի քրտաբնակ շրջաններ` մասնաւորաբար Էրպիլ:

