Սպանական Ֆութպոլ. Գերբաժակի Մրցումներուն Թուականները Յստակացան
Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ ըսաւ, որ 19 եւ 22 օգոստոսին տեղի պիտի ունենան Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի երթուդարձի մրցումները` Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ: Երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մէջ, իսկ դարձի մրցումը` «Վիչենթէ Քալտերոն»-ի մէջ:
CATEGORIES Մարզական

