Մորաթայի Հրաժարագինը` 100 Միլիոն Եւրօ

20-07morataՍպանացի յառաջապահ Ալվարօ Մորաթօ, որ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնապէս ներկայացուեցաւ իբրեւ Եուվենթուսի ֆութպոլիստ, իր նոր կազմին հետ 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:

Ըստ կնքուած համաձայնագիրին կէտերէն մէկուն, բացի Ռէալ Մատրիտէն, այլ ակումբներուն համար Մորաթայի հրաժարագինը պիտի կազմէ 100 միլիոն եւրօ:

Սակայն եթէ Ռէալ Մատրիտ (անոր նախկին ակումբը) 2016-ի եւ կամ 2017-ի ամրան կ՛ուզէ գնել իր նախկին մարզիկը, անոր փոխանցման համար պիտի վճարէ 30 միլիոն եւրօ:

 

Share this Article
CATEGORIES