Մանչեսթըր Եունայթըտ Կրնայ Բաժնուիլ Ռունիէն Եւ Ձեռք Ձգել Քաւանին
Անգիլական մամուլին համաձայն, Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Էտիսոն Քաւանի շատ հաւանաբար տեղափոխուի Մանչեսթըր Եունայթըտ:
Ֆրանսական ակումբը պիտի հրաժարի բարձր վարձատրուող իր յառաջապահէն, անշուշտ եթէ պայմանագիր կնքէ Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Անխել Տի Մարիայի հետ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Մանչեսթըր Եունայթըտին, անիկա պիտի փորձէ ձեռք ձգել ուրուկուէյցին, եթէ մարզիչ Լուիս Վան Կաալ որոշէ բաժնուիլ Ուէյն Ռունիէն:
Նշենք, որ 2013-ի ամրան Քաւանի Նափոլիէն միացաւ ֆրանսական ակումբին` փոխան 64 միլիոն եւրոյի:
CATEGORIES Մարզական

