«Սուարեսը Պէտք Է Հոգեբուժարան Տանին» Կ՛ըսէ Ուրուկուէյի Նախագահը

Իր լուրը քաղելով Sport.es կայքէն` ArmSport.am կը յայտնէ, որ Ուրուկուէյի նախագահ Խոսէ Մոխիքա անդրադարձած է Պարսելոնայի նորեկ, իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ Լուիս Սուարեսին:

Իր խօսքին մէջ նախագահը ըսած է. «Սուարես մեծցած է աղքատ ընտանիքի մը մէջ, ինչ որ ազդած է անոր հոգեբանութեան վրայ` պատճառ դառնալով, որ ան պէտք եղածէն աւելի զայրանայ»:

«Անոր դէմ սահմանուած պատժամիջոցները երբեք անոր պիտի չօգնեն, որովհետեւ ակնյայտ է, որ ան գլխու հետ կապուած խնդիրներ ունի: Սուարեսը պէտք է հոգեբուժարան տանին», եզրափակած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES