Աբրահամ Խաշմանեան. «Այս Մրցումը Երիտասարդներուն Համար Վառ Օրինակ Է»
Շաբաթ, 19 յուլիսին, Բանանցի ֆութպոլի ակումբի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը, որ նուիրուած էր նախկին Խորհրդային Միութեան տարիներուն մեծ յաջողութիւններու հասած Հայաստանի պատանիներու հաւաքականին (1967-ի ծնունդ) 30-ամեակին:
Բանանցի մրցակիցն էր Արարատ Երեւանի վեթերաններու խումբը, որ առաւելութեան հասաւ 9-6 արդիւնքով:
Մրցումէն ետք 1967-ի ծնունդ Աբրահամ Խաշմանեան, որ Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է եւ Բանանցի խմբապետը, ըսաւ. «Կու գամ ըսելու, որ մեր այս սերունդը տուած է անուանի ֆութպոլիստներ, որոնք հանդէս եկած են նախկին Խորհրդային Միութեան պատանիներու հաւաքականին հետ եւ մասնակցած աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն: Այս մրցումը երիտասարդներուն համար շատ վառ օրինակ է` յիշելու համար խումբին ձեռք ձգած անցեալի յաջողութիւնները»:
ArmSport.am կը կատարէ մէջբերումներ նաեւ Կարէն Գալստեանի եւ Գրիգոր Այվազեանի խօսքերէն ուր անոնք եւս կը ներկայացնեն անցեալի լաւ յիշատակներ:

