Ըմբշամարտ. Միհրան Յարութիւնեան Առաջին Ոսկի Մետալին Տիրացաւ Հայաստանի Դրօշին Տակ
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտիկ Միհրան Յարութիւնեան Օլիփիայի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, 66 քկ դասակարգի մրցումներուն դարձաւ ոսկի մետալակիր, կը տեղեկացնէ Յունաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Կիսաւարտականին հայ ըմբշամարտիկը յաղթեց հարաւային քորէացի Ժան Ժուանին, իսկ աւարտականին առանց դժուարութեան պարտութեան մատնեց մեքսիքացի Օսքար Սալքենթոն:
Նշենք, որ նախապէս Յարութիւնեան կը ներկայացնէր Ռուսիան: Ան առաջին անգամ ըլլալով ոսկի մետալի կը տիրանայ Հայաստանի դրօշին տակ:
CATEGORIES Մարզական

