Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աղջկանց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Եւ Պէյրութի Խումբերը` Յաղթական
Երէկ` կիրակի, 20 յուլիսին տեղի ունեցան Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները` ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ` Նաքքաշ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի եւ Պէյրութի աղջկանց խումբերը արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` յաջորդաբար պարտութեան մատնելէ ետք Ռըսոլ Ժունիէն (59-27) եւ Թատամոն Զուքը (41-39):
3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ուրբաթ, 25 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ եւ ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցին իրարու դէմ, վերոնշեալ վայրին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

