50 Տարի Առաջ (22 Յուլիս 1964)
ՀՄԸՄ-ի Սկաուտներուն Մասնակցութիւնը
Համաարաբական 6-րդ Ճամբարին
(Եգիպտոս)
Համաարաբական 6-րդ ճամբարը աւելի քան վեց հազար սկաուտներու մասնակցութեամբ, 12 արաբական երկիրներէ եկած` պիտի բացուի 28 օգոստոսին, Աղեքսանդրիոյ մօտ Ապու գիրի շրջանին մէջ եւ պիտի փակուի 8 սեպտեմբերին:
Այս ճամբարին նախատեսուած են բազմաթիւ հանդիսութիւններ եւ պտոյտներ, ինչպէս նաեւ` դաստիարակչական հանդիպումներ:
Մասնակցութեան հրաւէր ստացած են նաեւ, Լիբանանի Սկաուտական ֆետերասիոնի միջոցով, ՀՄԸՄ-ի սկաուտները:
Տասերկու սկաուտներ` խմբապետութեամբ Ժիրայր Սարգիսեանի, որ նաեւ անդամ է Լիբանանի սկաուտներու խմբապետական կազմին, տենդագին պատրաստութեան մէջ են, արժանաւոր մասնակցութիւն մը ապահովելու համար:
Երգիծանքը
Երկաթէ Վարագոյրի Ետին
Մոսկուայի մէջ երիտասարդ մը գաղտնի ոստիկանութեան մասնակցելու համար դիմում կը կատարէ: Կ՛ընդունուի եւ կ՛առաջնորդուի կուսակցական դասախօսութեան մը, ուր իրեն կ՛ըսեն, որ ներկաներուն մէջ կուսակցութեան թշնամի մը գտնէ:
Երիտասարդը աչք մը կը պտտցնէ եւ ապա` առաջին կարգին վրայ նստած մէկը ցոյց կու տայ:
Ոստիկանները կը զարմանան եւ կը հարցնեն, թէ ինչպէ՞ս գտած է:
– Շատ պարզ է,- կը պատասխանէ ան:- Յիշեցի մեծ Լենինի այն խօսքը` թէ «թշնամին երբեք չի քնանար»:
***
Չինացի մը կը ձերբակալուի եւ դատարան կ՛առաջնորդուի այն ամբաստանութեամբ` թէ Մաօ Ցէ Թունկը եւ Չու Էն Լայը ծաղրող պատմութիւններ հրապարակ հանած է:
Դատարանի նախագահը կ՛ըսէ.
– Քեզմէ զատ ամբողջ ժողովուրդը գիտէ, թէ կառավարութիւնը կ՛աշխատի խաղաղութեան ու մեր երջանկութեան եւ ազատութեան պահպանման համար:
– Շատ աղուոր պատմութիւն է պարոն նախագահ, բայց ատոր հեղինակը ես չեմ,- կը յարէ ամբաստանեալը:
***
Գուպացի մը կ՛ըսէ ափրիկեցի զբօսաշրջիկի մը.
– Տնտեսական դժուարութիւններ ունինք, բայց կը յուսանք` թէ Խորհրդային Միութեան օգնութեամբ պիտի յաջողինք այս դժուարութիւնները անցընել եւ անկէ ետք ամէն ինչ լաւ պիտի երթայ:
Ափրիկեցին կը պատասխանէ.
– Հայրենիքիս մէջ ճիշդ հակառակը եղաւ: «Խորհրդային օգնութեամբ» շատ մը դժուարին օրեր անցուցինք: Սակայն, բարեբախտաբար ողջ մնացինք, եւ հիմա ամէն ինչ լաւ կ՛երթայ:
Պուրճ Համուտի Թատերասրահը Պիտի Կառուցուի Շուտով
Կիւլպենկեան Հիմնարկութիւնը
Տասը Հազար Տոլար Յատկացուց
Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբը ձեռնարկած է Պուրճ Համուտի Ժողովրդային թատրոնի կառուցման գնահատելի աշխատանքին` հայաշատ այդ կեդրոնը օժտելու համար թատրոնի արդիական բոլոր պայմանները լրացնող սրահով մը:
Այս մեծածախս սրահին համար արդէն գոյացած է հիմնադրամ մը, եւ աշխատանքները պիտի սկսին շուտով, որպէսզի կարելի ըլլայ կարճ ժամանակի ընթացքին իրագործել ծրագիրը:
Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ ընթացք տալով թատերասէրներու խնդրանքին, «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութիւնը յատկացուցած է 10,000 տոլարի գումար մը, որ ըստ հիմնարկութեան փափաքին, պիտի յատկացուի կառուցուելիք թատերասրահի ներքին սարքաւորման:

