Պրպտելով Մարսէյի Հայ Հին Գաղութին Էջերը. Մկրտիչ Փորթուգալեան, Պալաքեան Սրբազան Եւ Ուրիշ Բաներ…
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Մարսէյի Նաւահանգիստէն
Քարափ Ելլող Բազմահազար Հայերը
Անոնք, որոնք առիթը ունեցած են դիտելու Աշոտ Մալաքեանի (Անրի Վերնէօյ) նշանաւոր «Մայրիկ» ժապաւէնը, պէտք է անպայման յիշեն ժապաւէնին այն հատուածը, ուր կը ներկայացուի Եղեռնէն կամ Զմիւռնիոյ աղէտէն մազապուրծ հայ թշուառ խլեակներու ժամանումը Մարսէյ, 1922-ին:
Այո՛, այդ օրերուն շուրջ 25 հազար հայեր ոտք դրին Մարսէյի քարափը ու իրենց համար նոր կեանքի մը երազը հիւսեցին` առանց վերադարձի որեւէ յոյսի: Այս գաղթականներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մէկ բառ ֆրանսերէն չէր գիտեր, բոլորն ալ խորթ էին արեւմտեան բարքերուն: Անոնք ծաղիկներով չդիմաւորուեցան անշուշտ: Յաճախ, տեղացիները անոնց դէմքին նայեցան կամ անոնց ակնարկեցին իբրեւ «աղտոտ հայեր»:
Արհեստաւոր ու չարքաշ բանուորներ էին հայերը: Լծուեցան ծանր ու սեւ աշխատանքներու` քարէն հաց հանելու համար: Աշխատեցան օճառաշինութեան, շաքարաշինութեան, կօշկակարութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ ու «շտկեցին» իրենց մէջքը:

Քեմփ Օտտոյի գաղթակայանին հայկական դպրոցը (1925)
Այս գաղթականներուն առաջին կայքը եղաւ քաղաքին Քեմփ Օտտօ ճամբարը, ուր Ա. Աշխարհամարտէն մնացեր էին 30-ի չափ պատսպարան-տաղաւարներ: Հոս մեր հայերը շուտով բացին դպրոց մըն ալ:
Կարճ ժամանակ անց, գաղթակայանը լքելով, հայերը կամաց-կամաց փոքր ու աղիւսաշէն տուներ սկսան կառուցել Մարսէյի արուարձանները. Սենթ Անթուան, Սեն Լու, Սեն Անն, Լեզոլիվ, Սեն Ժերոմ, Պոմոն, Քապիւսել եւ այլն:
Այսպիսով, 20-ական թուականներու վերջերը ձեւ ու կերպարանք ստացան քաղաքին հայաշատ թաղերը:
Մարսէյի գաղթական այս հայերը այդ օրերուն բախտը ունեցան իրենց գլխուն վերեւ ունենալու նուիրեալ հոգեւորական մը, ա՛ն ալ իրենց նման գաղթական ու Եղեռնէն հրաշքով վերապրող մը, որ ԳՐԻԳՈՐԻՍ ԵՊՍ. ՊԱԼԱՔԵԱՆն էր:
Յիշեցի՞ք այս անունը: Ան հեղինակն է նշանաւոր «ՀԱՅ ԳՈՂԳՈԹԱՆ» երկհատոր յուշագրութեան:
Պալաքեան եպս. ծնած էր 1877-ին Եւդոկիա (Թոքատ): Շրջանաւարտ էր Արմաշու դպրեվանքէն, ուր աբեղայ ձեռնադրուեր էր Դուրեան Եղիշէ Սրբազանին ձեռամբ: Պերլինի մէջ հետեւած էր աստուածաբանութեան եւ լաւ գերմաներէն գիտէր: Եղեռնի վերապրողներէն էր: Շրջան մը հովուեց Մանչեսթըրի գաղութը (Անգլիա), այնուհետեւ 1927-ի վերջերը Մարսէյ հաստատուեցաւ` իբրեւ Հարաւային Ֆրանսայի առաջնորդ: Եւ այս կարգադրութիւնը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցաւ նորակազմ գաղութին համար:

Պալաքեան սրբազան իր ձեռնարկած ժողովրդային հանգանակութիւններով հայաշատ աղքատիկ թաղերը օժտեց փոքր ու արժամեայ աղօթատեղիներով ու անոնց շուրջ համախմբեց գաղթական խլեակները: Ականատեսներ կը պատմեն, թէ ան յաճախ խրախուսելու համար շինարար հայ բանուորները, անոնց կը խառնուէր, սքեմը ծալելով ու թեւերը սոթտելով` ի՛նք ալ կը մասնակցէր աւազ ու աղիւս կրելու աշխատանքներուն, յետոյ ալ բանուորներուն հետ կը կիսէր պատառ մը հաց-պանիրն ու պնակ մը ձաւարը:
Դեռ աւելի՛ն. Պալաքեան սրբազան ի՛նք է որ ձեռնարկեց Մարսէյ քաղաքի հայոց ապագայ մայր եկեղեցւոյ շինարարութեան` ապահոված ըլլալով պելճիքաբնակ մեծահարուստ բարերարի մը խոստում-նուիրատուութիւնը:
Սրբազանը կը վախճանէր 1934 հոկտեմբերին, 57 տարեկանին: Յուղարկաւորութիւնը կը կատարուէր Պոմոնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, աննախընթաց բազմութեան մը մասնակցութեամբ:
Մարսէյի Հայ Գաղութը Խռովող Դէպքեր
Գրիգորիս եպս. Պալաքեանի գլխաւոր մտասեւեռումը մայր եկեղեցիի մը կառուցումն էր Մարսէյի մէջ: Բայց աղքատ գաղութը ուրկէ՞ ճարէր եկեղեցիի մը շինութեան մեծ ծախսերը:

Բարերար Վահան Խորասանճեան
Բախտը ժպտաց սակայն Մարսէյի հայութեան: Պալաքեան սրբազան պատահաբար ծանօթացաւ Պրիւքսել ապրող նախկին պոլսահայ մեծահարուստ հայու մը` Վահան Խորասանճեանին, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց հոգալ մայր եկեղեցիի մը կառուցման ամբողջ ծախսը:
Շինութեան իբրեւ վայր` նախ գնուեցաւ հողամաս մը Մարսէյի ամէնէն շքեղ ու հարուստ մէկ պողոտային կից, Ավընիւ տիւ Փրատօ: Այս հողամասը այդ օրերուն արժեց կէս միլիոն ֆրանք: Հոս, 1928-ին, մեծ շուքով կատարուեցաւ հիմնարկէքը ծրագրեալ եկեղեցիին: Ճարտարապետը Արամ Թահթաճեանն էր: Շինարարութիւնը, որուն համար բարերարը միջոցներ չխնայեց, տեւեց երեքուկէս տարի ու արժեց շուրջ երեքուկէս միլիոն ֆրանք: Այդ օրերու նիւթական աննախանձելի պայմաններուն մէջ` իսկական պերճանք մը: Կը թուի, որ հոսկէ կու գար շարժառիթը այն խմբագրականին, զոր 1 նոյեմբեր 1931-ին «Յառաջ»-ի մէջ պիտի ստորագրէր Շաւարշ Միսաքեան` «Կոթողը եւ կանթեղը» խորագրով: Խմբագրականին միտք բանին այն էր, թէ շռայլ ծախսումներով կանգնեցուած «կոթող»-ներու (իմա` եկեղեցիներու) կողքին զանց պէտք չէր ընել «կանթեղ»-ներն ալ (իմա` ամէնօրեայ դպրոցները…):

Մարսէյի հայոց Ս. Թարգմանչաց մայր եկեղեցին:
1931-ին մայր եկեղեցին իր ամբողջ հմայքով ու Ս. Էջմիածնայ տաճարը յիշեցնող ճարտարապետական ոճով կանգուն էր արդէն: Իսկական գոհար մը` Մարսէյի սրտին վրայ, Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ անունով: Պալաքեան սրբազան անոր հանդիսաւոր օծումը կատարեց երկու հազար հայերու խանդավառ ներկայութեան: Բայց…
Ահա՛ հրապարակ իջան Պալաքեան սրբազանին անձնական հակառակորդները ու գարշելի պայքար մը սկսան շղթայազերծել անոր դէմ:
Հարցը ծայր տուաւ նիւթական զեղծումներու շինծու ամբաստանութեամբ մը: Յետոյ կիրքերը հետզհետէ շիկացան, «հակապալաքեաններ»-ը դիմեցին ամէն միջոցի` աղարտելու համար սրբազանին անունը: Համայնքին մէջ ցրուեցին ամօթալի թռուցիկներ` հազարումէկ զրպարտութիւններ կատարելով սրբազանին հասցէին… Թերթերու մէջ ինչե՜ր ու ինչե՜ր գրեցին…
Այս արշաւին պարագլուխներէն մէկն էր գրոց-բրոց ողորմելի մը` ԵՆՈՎՔ ԱՐՄԷՆ (Կեսարիոյ Էֆքերէ գիւղէն, մհ. 1968-ին), որ անցեալին Պոլսոյ մէջ, պատէ պատ զարկած էր հէգ Միսաք Մեծարենցը` անոր բանաստեղծութիւնները «ձախող» որակելով… Աւելի ուշ, 1908-ի Սահմանադրութենէն ետք, նոյն այս թշուառականը մեծանուն Օրմանեան պատրիարքը հալածող գլխաւոր դէմքերէն մին հանդիսացեր էր… Հիմա ալ սուր կը ճօճէր Պալաքեանի դէմ:
Գաղութը տակնուվրայ եղաւ: Այս վայնասունը ժխտական ազդեցութիւն գործեց նաեւ եկեղեցւոյ բարերար Վ. Խորասանճեանին վրայ, որ տարօրինակ քայլով մը փակել տուաւ «իր» նորակառոյց եկեղեցին` լման ութ ամիս (հողին ու շէնքին տէրը պաշտօնապէս ինք էր…): Իսկ Պալաքեան սրբազան այդ օրէն ետք անգամ մըն ալ ոտք չդրաւ Ս. Թարգմանչաց եկեղեցիէն ներս:
Մահը չուշացաւ արդէն, ու ան վախճանեցաւ սրտի ցաւէն , 1934-ին: Իր թշնամիները յետմահու եւս շարունակեցին իրենց ընթացքը:
Շուրջ երեսուն տարի պէտք էր անցնէր, «հակա-պալաքեաններ»-ը (որոնք իրենց թաթը դրած էին եկեղեցիին ու առաջնորդարանին վրայ) մէկ առ մէկ պէտք էր մեկնէին այս աշխարհէն, որպէսզի վերականգնէր Պալաքեան սրբազանին վարկն ու պատիւը:
1991-ին Պալաքեանին կիսանդրին կը զետեղուէր Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ…
Մարսէյ` Անկազմակերպ Եւ Թոյլ Գաղութ Մը
Պիտի չվարանինք անկազմակերպ եւ թոյլ կոչել այս գաղութը` սերտելէ ետք անոր յետեղեռնեան պատմութիւնը, որ լի է պառակտումներով եւ ազգային-մշակութային կեանքի լճացումով: Եւ լճացումը, առաջին հերթին, հասցէ ունէր Հայ եկեղեցին…
Արդարեւ, Պալաքեան սրբազանի վախճանումէն ետք, Մարսէյի Հայց. Առաք. եկեղեցին երկա՜ր տասնամեակներ չյաջողեցաւ դառնալ ազգային զօրաւոր այն կորիզը, որուն շուրջ կրնար համախմբուիլ գաղութը ու զարկ տալ համայնքային բարգաւաճ գործունէութեան: Հոգեւոր հովիւները, որոնք շարան-շարան եկան ու անցան Մարսէէն, ընդհանրապէս եկեղեցական անաշխատ ու անշուք դէմքեր եղան, ի բաց առեալ երկու Գարեգիններէ` Խաչատուրեանը (Տրապիզոնի), որ առաջնորդական պաշտօն վարեց Մարսէյ շուրջ երեք տարի, 1935-38, նախքան իր մեկնումը Հարաւային Ամերիկա, եւ պոլսեցի Պեքճեան վարդապետը, որ Մարսէյի մէջ գործեց 1973-91, Գերմանիոյ թեմակալ առաջնորդ ընտրուելէ առաջ:
Պառակտումը եւս, Էջմիածին-Անթիլիաս հակամարտութեան իբրեւ հետեւանք, տասնամեակ մը (1960-ականներուն) իր շուքին տակ պահեց Մարսէյը:
Կիլիկեան ուխտի երիտասարդ միաբաններէն Արտաւազդ եպս. Թրթռեանի ժամանումը Մարսէյ, 1964-ին, իբրեւ «Հարաւային Ֆրանսայի հայոց առաջնորդ», ներհակ ճակատները դէմ դիմաց պահեց ամբողջ 6 տարի: Մարսէյի ութ եկեղեցիներէն ոմանք ընդունեցին զինք, ուրիշներ` մերժեցին…
Երբ այսպէս տխուր էր վիճակը Հայ Առաք. համայնքին, ինչպիսի՞ պատկեր մը կրնային ունենալ միւս երկու հայ յարանուանութիւնները` կաթոլիկներն ու բողոքականները, որոնք թուական տեսակետէ փոքրամասնութեան մէջ փոքրամասնութիւն մըն էին արդէն…
Հայ Կաթողիկէ համայնքին ծոցին մէջ, 30-ական թուականներէն սկսեալ, շուրջ կէս դար, ամէնէն տիրական եկեղեցականը կ՛ըլլայ Յովհաննէս ծ. վրդ. Չուխաճեանը, բնիկ անգարացի, որ եկեղեցւոյ բեմէն իր քարոզները կ՛արտասանէ եղեր հայերէնով ու թրքերէնով… Համայնքին բարեհամբաւ գործունեայ տարրերէն կը յիշատակուին Արամ Շեխիկեանն ու Սուրէն Էքսերճեանը: Կաթողիկէ համայնքին հովանիին տակ կը գործէ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու նախակրթարանը, 1960-էն ի վեր:
Իսկ Հայ Աւետարանական համայնքին առաջին շրջանի երկարամեայ հովիւը կ՛ըլլայ պատուելի Յովհաննէս Ղազարոսեան, աշխուժ տիպար մը, որ 30 տարի ծառայած է Մարսէյ` հիմնելով նաեւ համայնքին «Բանբեր» ամսաթերթը: Նոյն համայնքին երեւելի դէմքերէն եղած է Խարբերդի Թլկատին գիւղի զաւակ փրոֆ. Գրիգոր Խայիկեան: Աւելի ուշ համայնքը բախտը ունեցած է իր ծոցին մէջ ունենալու պերճախօս հոգեւորական մը եւս` վեր. Յարութիւն Հելվաճեանը: Աւետարանականները 1978-ին Պոմոնի մէջ կը հիմնեն «Անի մշակութային կեդրոն»-ը` պատուելի Դանիէլ Սահակեանի ջանքերով:
Մարսէյի մէջ 1925-էն ետք իրարու ետեւէ հիմնուած են հայրենակցական բազմաթիւ միութիւններ (Մալաթիոյ, Սեբաստիոյ, Ամասիոյ, Օրտուի, Եոզկատի, Վասպուրականի, Բարձր Հայքի եւ այլն): Անոնցմէ շատեր մշակած ու պետականօրէն ալ վաւերացուցեր են իրենց «Ծրագիր-կանոնագիր»-ները` զանոնք լոյս ընծայելով առանձին պրակներով: (նկար թիւ 10)
Աւելցնենք նաեւ, որ Մարսէյ 20-ական թուականներէն ետք մնայուն կայքը հանդիսացած է շարք մը մտաւորականներու: Օրինակ` զմիւռնահայ բառարանագիր Մեսրոպ Նուպարեանը, ազգային գործիչ Մինաս Չերազը, դաշնակցական տեսաբան Միքայէլ Վարանդեանը, գրողներ Պետրոս Զարոյեանն ու Կարօ Փոլատեանը, եւ անշուշտ` Աւետիս Ահարոնեանը, որ կաթուածահար եղաւ հոս` ճառախօսութեան մը ընթացքին, 1934-ին:
Հալէպ
(Շար. 2)

