Ազգային Ռուբինեան Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս
Հինգշաբթի, 26 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին Ազգային Ռուբինեան վարժարանի «Յովհաննէս եւ Վարդուհի Պչաքճեան» վերանորոգուած սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2013-2014 ուսումնական տարեշրջանի մանկամսուրի, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի վկայականաց բաշխման հանդէսը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ելոյթ ունեցան մանկապարտէզի աշակերտները` արտասանութեամբ, երգերով ու պարերով: Ծաղիկ դասարանէն Ժաք-Յակոբ Ածիլածեան հայերէնով, իսկՊետրոս Գոլաքճեան արաբերէնով փոխանցեցին իրենց դասընկերներուն սրտի խօսքը:
Յայտագիրի երկրորդ բաժնով ելոյթ ունեցան նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները:
Շրջանաւարտ Նուարդ Իզմիրլեան արտասանեց հայերէնով ուղերձը եւ յայտնեց, որ իրենց յիշողութեան մէջ միշտ վառ պիտի մնան դպրոցական քաղցր օրերը, որոնց համար շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, պաշտօնէութեան եւ ծնողներուն` իրենց զոհողութեան ու նուիրումին համար: Իր խօսքի աւարտին ան խոստացաւ իբրեւ հայ պատանի օգտակար ըլլալ հայրենիքին եւ հայկական վարժարանին:
Անգլերէնով արտասանած իր ուղերձին մէջ Ճենիֆըր Գոճաօղլանեան ըսաւ, որ իրենք նոր հանգրուան պիտի սկսին, բայց Ռուբինեան վարժարանէն ստացած ուսմամբ պիտի ըլլան ինքնավստահ ու երախտապարտ պիտի մնան իրենց դպրոցին:
Անկէ ետք Զ. դասարանի աշակերտները, երեք լեզուներով երգեր մեկնաբանեցին` ղեկավարութեամբ երգի ուսուցիչ Զարմինէ Կանաչեան-Ասմինեանի: Շրջանաւարտները նաեւ ասմունքեցին Մ. Իշխանի «Ես Մասիսը չտեսայ» բանաստեղծութիւնը:
Ապա իր խօսքը փոխանցեց վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան, որ ըսաւ, թէ կրթական տարեշրջան մը եւս իր լրումին հասցնելով` շրջանաւարտները կանգնած են բեմին վրայ իբրեւ ուսման լուսաշող ճառագայթներ, որոնք բարիք եւ յոյս պիտի բերեն մարդկութեան ու հայութեան: Ան հաստատեց, որ իրենց առաքելութիւնն է, ուսում ջամբելու կողքին, կերտել հայ մաքրամաքուր մարդը, որպէսզի հայութեան գերագոյն նպատակներու հետապնդման ճամբուն վրայ չընկրկին ու չմոլորին:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին տնօրէնը անդրադարձաւ հայ դպրոցին ունեցած դերակատարութեան` հայ գիտակից, ազգային ոգիով թրծուած եւ իրաւատէր սերունդներու կերտման իմաստով:
Խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով` Յակոբ Կէրկէրեան ըսաւ, որ իրենց երկրորդ տունէն կը բաժնուին, սակայն կը մնան հարազատներ Ռուբինեան վարժարանի` անոնց մաղթելով նորանոր նուաճումներ, բարձրագոյն վկայականներ, կանաչ ճանապարհ եւ յաջողութեամբ լի քայլեր:
Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում, մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի վկայականները յանձնեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, հոգաբարձութեան ատենապետ Ռիթա Տէր Ստեփանեան, տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան եւ մանկապարտէզպան Զապէլ Պոյաճեան:
Նախակրթարանի վկայականները յանձնուեցան տնօրէնին, հոգաբարձութեան ատենապետին եւ Զ. դասարանի դաստիարակ Ազնիւ Ալթունեանի ձեռամբ:
Ապա մրցանակներ տրուեցան բարձրագոյն միջին ապահոված աշակերտներուն, «Վահրիճ եւ Վերժին Ճէրէճեան ֆոնտ»-ին կողմէ` երեք հաճընցի շրջանաւարտներու, հայոց պատմութեան եւ հայոց լեզուի բարձրագոյն միջին ապահոված երկու աշակերտներու վաստակաշատ ուսուցիչ Լուսին Թապաքեանի կողմէ տրամադրուած:
Աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ գնահատեց վարժարանին մէջ տարուած աշխատանքը, ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան նուիրումն ու զոհաբերութիւնը:
Ան հաստատեց, որ հայկական վարժարանի երդիքին տակ կը պատրաստուին պիտանի սերունդներ, որոնք պիտի ծառայեն ազգին ու հայրենիքին: Առ այդ, ան կոչ ուղղեց երբեք չյուսահատելու, այլ միշտ մնալու պատնէշի վրայ` ազգային արժէքները փոխանցելով սերունդէ սերունդ:

