Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Շրջանաւարտներու 27-րդ Հունձքը

02-07yeghishe-(3)Չորեքշաբթի, 2 յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ երկրորդականի ամավերջի հանդէսը, որուն բացումը կատարեցին շրջանաւարտները` Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներով, ապա` «Վերջին զանգ» խմբերգով:

02-07yeghishe-(1)Բալիկ Գարատաղլեան դաշնամուրի վրայ նուագեց Ա. Խաչատուրեանի «Դիմակահանդէս»-ը, Թամար Բախտիկեան, Սարին Մարտիկեան եւ Մարիա Փանոսեան ասմունքեցին Մ. Իշխանի «Ես զաւակն եմ Հայաստանի» բանաստեղծական կտորը` շուիի ընկերակցութեամբ Յովիկ  Ադամեանի, Նաթալի Մարկոսեան մեներգեց «Սարերի քամին»` ընկերակցութեամբ Կարօ Պարտաքճեանի եւ Հրաչ Ճինպաշեանի (կիթառ) եւ  Յովիկ Ադամեանի (շուի): Ապա աւարտական  կարգի աշակերտները  միասնաբար պարեցին  հայկական պար մը, որմէ ետք ներկաները դիտեցին շրջանաւարտներու կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը, որ կը ներկայացուէր քոլեճին մէջ իրենց առօրեան:

Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքէն ետք ԺԱ. կարգի հրաժեշտի խօսքը կարդաց Լարա Գանթարճեան: Ան յիշեց աշակերտներուն անցուցած օրերը քոլեճի յարկին տակ, եւ իր ու  իր  դասընկերներուն կողմէ յաջողութիւն եւ  բարի  երթ մաղթեց  շրջանաւարտներուն:

02-07yeghishe-(5)Մանուշակ Քեչեճեան ներկայացուց անգլերէն  ուղերձը: Ան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ կարեւոր որոշումները պատասխանատուութեամբ եւ խոհեմութեան տալու անհրաժեշտութեան վրայ եւ իւրաքանչիւր տրուած որոշումի համար հաշուետու ըլլալու իրենց անձերուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, որոնք օգնած են ձեւաւորելու իրենց ապագան, եւ`  ծնողներուն, իրենց անսահման սիրոյն ու աջակցութեան համար եւ հաստատեց, որ եթէ այս դասարանը իր կարողականութիւնը ի սպաս դնէ, ապա կրնայ դառնալ այն դասարանը, որ կրնայ բարեփոխել աշխարհը դէպի աւելի լաւը:

Արաբերէն ուղերձը կարդաց Բալիկ Պալապանեան: Ան ներկայացուց դպրոցական օրերը, որոնք քանդակուած կը մնան իր յիշողութեան մէջ հասնելով  մինչեւ բաժանումի պահը: Ան ընդգծեց, թէ դպրոցական շրջանակին մէջ ինք գտած է երկրորդ ընտանիք մը, ներշնչման աղբիւր մը, որ գորովով պատած ու առաջնորդած է զիրենք ու յարատեւօրէն մղած դէպի յաջողութիւն ու փայլուն ապագայ: Իր խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ շրջանաւարտները իրենց ակնարկները սեւեռած են ապագայի խոստմնալից հորիզոնին, զինուած` իրենց երազները իրականացնելու հաւատքով: Ապա ան իր ու ընկերներուն անունով խոստացաւ ըլլալ հաւատարիմ դպրոցին ու իրենց ընտանիքներուն եւ հպարտութիւն պատճառել անոնց:

Հայերէն ուղերձով  Նաթալի Մարկոսեան իր անսահման երախտագիտութիւնը յայտնելէ ետք բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնած են իրենց դպրոցական կեանքին ընթացքին, ըսաւ. «Ամբողջ կեանք մըն էր, որ ապրեցանք: Այստեղ մեր սրտերը հիւսեցին երազներ ու մեր մտքերը` անթիւ հեքիաթներ»: Ան իր խօսքի աւարտին հրաժեշտ տուաւ աշակերտական կեանքին, որ նաեւ սկիզբը նկատեց նոր հորիզոնի մը: Ան շրջանաւարտներուն անունով, որպէս ազգային վարժարանի շրջանաւարտ, ուխտեց մնալ ազգայինին կառչած ու անոր տէր կանգնող հայ անհատ:

Շաղիկ Խիւտավէրտեան

Շաղիկ Խիւտավէրտեան

Հուսկ բանքը արտասանեց քոլեճի շրջանաւարտ եւ Հայկազեան համալսարանի  դասախօս  Շաղիկ Խիւտավէրտեան, որ յիշողութեամբ վերադարձաւ իր շրջանաւարտութեան օրը, նոյն բեմին վրայ: Ապա հանգամանօրէն անդրադարձաւ այն հմտութիւններուն եւ արժէքներուն, զորս քոլեճը փոխանցած էր իրեն ու իր դասընկերներուն եւ զանոնք ամփոփեց հետեւեալ կէտերուն մէջ. «Գիտութիւն, մտքի զարգացում ու քննական մօտեցում, ինքնութեան գիտակցութեան հաստատում, իբրեւ հայ ու իբրեւ մարդկազմաւորում, համամարդկային արժէքներու փոխանցում, բարոյական նկարագրի ու ստեղծագործ մտածողութեան ձեռքբերում»: Շ. Խիւտավէրտեան հաստատեց, որ այս բոլորը այժմ նոր շրջանաւարտներուն սեփականութիւնն ալ են, մաղթելով, որ անոնք առաջնորդուին, գործեն ու ապրին անոնցմով: Ան խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Երբ մեկնիք Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն, երբեք մի՛ մոռնաք, թէ ինչո՛ւ եկած էիք հոս»:

Ապա խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանը: Ան ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ, թէ այս  տարեշրջանը եւս, հակառակ բազմաթիւ արտաքին խոչընդոտներու եւ մարտահրաւէրներու, ունեցաւ յաջող աւարտ: Ան անդրադարձաւ այս տարուան ընթացքին քոլեճին ունեցած իրագործումներուն, որոնցմէ մին էր 12-րդ դասարանի ընդհանուր գիտութիւններու դասարանին բացումը, ինչպէս նաեւ` միջնակարգի եւ երկրորդականի արտադասարանային աշխատանքներու պահը, active board-երու զետեղումը նախակրթարանի երկրորդ օղակին մէջ եւ մանկապարտէզի ու պասքեթպոլի դաշտի ամբողջական նորոգութիւնը: Ան նշեց, թէ ամառնային դպրոցը կը շարունակէ գործել երրորդ տարին ըլլալով: Ապա տնօրէնը  ներկայացուց յառաջիկայ տարուան  ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէ նոր ու արդիական գրադարանի կառուցում ու յետմիջօրէի սերտարան` Ա.-Թ. դասարաններու աշակերտներուն համար: Ան շնորհակալութիւն  յայտնեց դպրոցին կողքին կանգնողներուն, որոնց միացեալ ջանքերուն եւ համագործակցութեան  շնորհիւ կարելի եղաւ  իրագործել այս նուաճումները: Ապա ան շրջանաւարտներուն թելադրեց աշխատիլ մարդկութեան վերելքին համար, սիրել ազգն ու հայրենիքը, ըլլալ երկրի օրինապահ քաղաքացիներ, յարգել մեծերն ու յատկապէս ծնողները եւ շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ: Ան մաղթեց, որ  շրջանաւարտները ըլլան պատիւը իրենց ծնողներուն, վարժարանին ու ազգին:

Իր խօսքի աւարտին Զ. Ղազարեան բեմ հրաւիրեց ու յուշանուէրով պատուեց քոլեճի նախակրթարանի պատասխանատու եւ բազմամեայ ուսուցիչ Լենա Ճինպաշեանը, որ իր իսկ փափաքով պիտի դադրի ուսուցչական ասպարէզէն, ինչպէս նաեւ` քոլեճի արաբերէն պատմութեան, աշխարհագրութեան ու քաղաքացիական կրթութեան երկարամեայ դասատու Մէյրի Չոլոյեանը, որ տեսչական պատասխանատուութիւն ստանձնած է այլ բնագաւառի մը մէջ:

Շահէ եպս. Փանոսեան,

Շահէ եպս. Փանոսեան,

Ապա բեմ բարձրացաւ Լիբանանի հայոց Թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց քոլեճին մէջ կատարուող աշխատանքին համար եւ զայն նկատեց յուսադրիչ ու առողջ: Իր խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով` ան ըսաւ. «Ձեր յամառ աշխատանքով արդէն իսկ ձեռք բերած էք ուսում ու գիտութիւն: Մեր մաղթանքն է, որ յառաջանաք բարձունքէ բարձունք եւ նուաճէք գագաթներ: Յիշեցէ՛ք սակայն, որ մենք բոլորս սպասումով կը նայինք ձեզի, որպէսզի ձեր ուսումէն ու յաջողութիւններէն բան մը ձգէք ազգի գանձանակին մէջ, որովհետեւ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ հաւաքական ճիգով ու մեծ հաւատքով կը վարենք մեր կեանքը, բոլոր մակարդակներու վրայ եւ կարիքը ունինք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն»: Ապա ան մաղթեց, որ շրջանաւարտները ազգի ծաղկանոցին մէջ ծաղկին ու միշտ յիշեն, որ իրենք զաւակներն են ժողովուրդի մը, որ աշխարհէն պահանջ ունի եւ, առ այդ, իրենց կարելին ի գործ դնեն Հայ դատի պահանջատիրութեան ի  խնդիր:

Առաջնորդ հօր ու քոլեճի տնօրէնին ձեռամբ վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Կենսաբանագիտական բաժանմունքէն` Բախտիկեան Թամար, Մարտիկեան Սարին, Նալպանտեան Մարիա, Պալապանեան Բալիկ (տիպար աշակերտի եւ արաբերէն լեզուի մրցանակ), Սարեան Սիրուն, Սասունեան Ցոլեր, Փանոսեան Մարիա, Ադամեան Յովիկ (քոլեճի եւ ազգային առօրեային մէջ ներդրում ունեցող աշակերտի մրցանակ) , Ատուրեան Նարեկ, Կէօքկեան Սերժ, Շխըրտըմեան Ալեն, Սարգիսեան Մարք:

Ընկերատնտեսագիտական բաժանմունքէն` Գարատաղլեան Բալիկ, Թրթռեան Կասիա, Հէյպելեան Ճեսիքա, Մաթեւոսեան Անի, Մարկոսեան Նաթալի (հայոց լեզուի մրցանակ), Մուրատեան Միրէյ, Ներսէսեան Լէա, Պէլեան Հուրի, Պօղոսեան Փաթիլ, Սարեան Մարինա, Սապէրեան Ցոլին, Սնըգճեան Քարեն, Փաչանեան Կրէյս, Քեչեճեան Մանուշակ  (Տիպար աշակերտի, բարձրագոյն միջինի, գիտութեան եւ անգլերէն լեզուի մրցանակներ), Զարիֆեան Րաֆֆի, Խաչատուրեան Գրիգոր, Ճորճեան Նարեկ, Ճինպաշեան Հրաչ:

Ընդհանուր Գիտութեան բաժանմունքէն` Ժիլյակոբեան Կարօ, Խաչերեան Սարգիս, Պարտագճեան Կարօ, Պարսումեան Խաժակ, Սարեան Յովհաննէս:

Share this Article
CATEGORIES