Շարունակուող Ցեղասպանութիւնը Մատներու Արանքով Չդիտելու Իրատեսութիւնը
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ազգային-քաղաքական-պետական իրատեսութեան հարց ունինք շարունակուող Ցեղասպանութիւնը որպէս այդպիսին չդիմաւորելով: Այս իրատեսութիւնը կը պահանջէ ընդունուած կարգախօսային տրամաբանութենէն տարբեր մօտեցում, որ կրնայ շատերու հաճելի չթուիլ` հռետորական եւ կարգախօսային չըլլալով: Պատմական ուսումնասիրութեան եւ նիւթական տոմարակալութեան վերածեցինք Հայոց ցեղասպանութիւնը. զոհերու թիւ, ինչքի կորուստ (Թուրքիան այդ ինչքը կոչեց լքեալ գոյք) եւ հայոց հայրենիքի բռնագրաւում (որուն համար երբեմն կ’ըսուի, որ Թուրքիան այդ տարածքը հայերէն չէ առած, այլ` ռուսերէն):
Ինչ-ինչ ճապկումներով, բռնագրաւուած հայրենիքի մասին անգամ ակնարկութիւնները հետզհետէ հազուադէպ են: Ցեղասպանութեան ճանաչման վերջնական հաշուով բարոյական ըմբռնումը փոխարինած է ազգային-քաղաքական խնդիրը, որ հայրենիքի մը բռնագրաւումն է: Կարծեցեալ իմաստութեամբ հնարուած է հատուցում բառը, որ այնքա՜ն ընդարձակ է, որ միջմոլորակային միգամածի մէջ կը կորսուի: Գործնապաշտներ կրնան յայտնուիլ, անիմանալի իրաւունքներով օժտուած, որոնք կրնան նոյնիսկ առաջարկել-պահանջել, որ հատուցումը ըլլայ փոխարժէք, տոլարով կամ եւրոյով, որպէսզի Հայաստանը դառնայ գերարդիական երկիր եւ հնարաւորութիւն ստեղծուի լաւ պայմաններու մէջ հայրենադարձութեան: Չէ՞ք կարծեր, որ նման առաջարկ ընդունելի համարուի նոյնիսկ այսպէս կոչուած «վերին ոլորտներ»-ու կողմէ:
Ո՛չ մենք, ո՛չ մեր նկատմամբ բարեացակամութիւն ցուցաբերողներ, որոնք բազմաթիւ եղած են եւ են, ոչ իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, օրակարգի վրայ յստակութեամբ չենք արձանագրեր շարունակուող ցեղասպանութեան սպառնական խնդիրը, առանձնացնելով պատճառները, ճշդելու համար ըստ այնմ այդ ոճիրին դէմ պայքարելու միջոցները եւ յանձնառութիւնները: Ազգային-քաղաքական իրատեսական տեսանկիւնէ, ամէն օր քիչ մը աւելի կը տարտղնուինք կամաւոր կուրութեան լաբիւրինթոսի ծուռիկ-մուրիկ ճամբաներուն մէջ, որոնցմէ մին կը տանի Ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջնահերթութիւն-նպատակ դարձնելու թափահարումներու, միւսը` հայրենադարձութիւնը փոխարինելով «տուրիզմ»-ով երջանկանալու, երրորդը «բիզնես»-ային օգտակար, բայց նաեւ ինքնանպատակ նախաձեռնութիւններու, չորրորդը` բան չնշանակող «զգացումով հայ» կամ «ծագումով հայ» ըլլալու ճահիճները:
Տեղ մը սեւով ճերմակի վրայ կը գրե՞նք, թէ ամէն տարի, որ կ’անցնի, ինչ է համրանքը այլեւս հայ ազգին մաս չկազմողներուն: Արտագաղթի պարագային, առաւել կամ նուազ ճշգրտութեամբ թիւեր կը տրուին, այդ մասին մեր դատումները առարկայական հիմք կ’ունենան: Ինչպէ՞ս պիտի գիտնաք համրանքը այլեւս հայ ազգին մաս չկազմողներուն: Ազգի տեւելու եւ ինքնութեան տեսանկիւնէ, ի՞նչ անուն կարելի է տալ այս մաս չկազմողներու անդիմագիծ եւ մոլորակի հովերուն տրուած զանգուածին:
Ազգի տեսանկիւնէ, եւ ոչ` ընդհանրապէս մարդկային, Տէր Զօրի անապատին մէջ կորսուածներուն եւ ժամանակակից մեծ ոստաններու մէջ անհետացածներուն միջեւ ի՞նչ է տեսակարար տարբերութիւնը:
Ժամանակին կ’ըսէին` «ճերմակ ջարդ»… Հիմա այդքանն անգամ չենք ըսեր: Չենք ըսեր, պատեհապաշտութեամբ, որպէսզի խուսափինք անոր դիմադրելու յանձնառութենէ, պատասխանատուութենէ, անհանգիստ չըլլալու եւ չանհանգստացնելու թեթեւսոլիկութեամբ, որ կը բնորոշուի «ականաւոր» անձերու հետ սեղանակից ըլլալու ինքնաբաւութեամբ:
Ինչո՞ւ անզօր (անտարբեր կամ ամբոխավար) եւ կամ զոհ ենք շարունակուող Ցեղասպանութեան խնդրով: Ազգի տեւականացման եւ հզօրացման տեսանկիւնէ, համրանքի նուազումը միշտ աղէտ է: «Ծագումով հայեր»-ով ազգ չ’ըլլար, քանի որ նոր ինքնութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ եւ աստիճանաբար, ու ապա վերջնականապէս, կը հալեցնէ խեղճացած «ծագում»-ը: Կ’ենթադրեմ, որ այս տարրական ճշմարտութիւնը ոչ ոք կ’անգիտանայ:
Հայրենահանուած ազգի հատուածը, որ սփիւռք դարձած էր, ամէն օր ենթակայ է այս սպառնալիքին, որ ամէն օր առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով կ’իրականանայ: Այսինքն իրենց հայրենիքին մէջ բնական զարգացման չգոյութեան պատճառով, հայեր տեւաբար, անզգալաբար, ինքնութիւն կը փոխեն, իրենց ինքնութիւնը կը կորսնցնեն:
Ինքնութեան այս կորուստը ցեղասպանութիւն է, որուն քաղաքավար անուն տուած են, կ’ըսեն` մշակութասպանութիւն, ethnocide: Այս ցեղասպանական շարունակուող կացութիւնը կարծէք բնական է, անվնաս է, ընդունելի է, տագնապեցնող չէ աշխարհի եւ մարդոց ճակատագիրը որոշողներուն համար, քանի որ ո՛չ անօթութիւն կայ, ո՛չ արիւն, դադրած է տագնապեցնող ըլլալէ հայ ժողովուրդին համար: Ենթակաները այդ կ’ընդունին զգայազիրկ վիճակի մէջ, որ իրենց համար խնդիր ըլլալէ դադրած է:
Մշակութասպանութեան դէմ պայքարելու համար միջազգային համայնքը պատասխանատուութիւն ունի: Անհող եւ պետական կառոյցէ զրկուած հաւաքականութիւններու ինքնութեան պաշտպանութեան համար միջազգային կառոյցները, մարդկայնական կազմակերպութիւները, հիւանդութիւններու դէմ պայքարողներու, ջուրի մատակարարման նպաստողներու, ականազերծող ուժերու, եւ ուրիշներու քայլերուն վրայ, մի՞թէ արդար պահանջ չէ մշակութասպանութեան դէմ պայքարը:
Ինչո՞ւ մեր բազմագոյն ղեկավարութիւնները միջազգային հրապարակ չեն գար այս խնդրով` փոխանակ բաւարարուելու փաղաքշական խօսքերով, ըստ որոնց, այս կամ հիւրընկալ երկրին մէջ, հայերը օրինակելի կերպով համարկուած են: Հարց կու տա՞նք, թէ ո՛ւր պիտի հասնի այդ «օրինակելի համարկումը»: Փորձա՞ծ ենք թիւերը վերածել կացութիւններու բացատրութեան:
Միջազգային կառոյցներէն պահանջելէ առաջ, ներազգային ճակատի վրայ, մեր ղեկավարութիւններուն համար մշակութասպանութեան համար պայքարը առաջնահերթութի՞ւն է: Ինչպէ՞ս: Երբ հայախօսութիւնը կը նուազի, երբ հայ դպրոցներ կը փակուին, երբ հայկական լրատուամիջոցները օտարախօս կը դառնան, երբ հայերէն թերթը հայու տուն չի մտներ, այս բացակայութիւններու թուումը կարելի է շարունակել, պարզօրէն կարելի է հարց տալ, թէ ի՞նչ կ’ընենք, ի՞նչ կ’ընեն ղեկավարութիւնները:
Հանդէսի մը կամ նուագահանդէսի մը համար քանի մը հարիւր հոգի հաւաքելը կը ծառայէ համոզուածները համոզելու, որոնք հետզհետէ աւելի փոքրամասնութիւն կը դառնան:
Վաղուան ճշմարտութեան ժամը այսօր է: Կրնայ պատահիլ, որ նման պահանջ ներկայացնողներ չըլլան վաղը:
Ի՞նչ կ’ըսէ մեր պատմութիւնը:
Հայոց մշակութասպանութիւնը ընթացքի մէջ է, նոյնիսկ երբ կը շոյուին մեր ինքնասիրութիւնները:
Որպէսզի այդ չըլլայ…
Հարիւրամեակի ցուցական-շռնդալից նախաձեռնութիւններուն մէջ իր ամբողջական կարեւորութեամբ տեղ պիտի գտնէ՞ շարունակուող Ցեղասպանութեան ազգի տոկալու եւ տեւելու հնարաւորութեան առնչուող էական խնդիրը:
Ի՞նչ բանի պիտի ծառայեն բարոյական բաւարարութիւնները, եթէ ազգի համրանքը մոմի պէս շարունակէ հալիլ չեմ գիտեր ո՛ր անսուրբ սրբապատկերին առջեւ, որուն կը տրուին բազմաթիւ անուններ:
12 Յուլիս 2014, Նուազի-լը-Կրան

