Գործի Ժամն Է

ՆՇԱՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

0716hishelԱմբողջ աշխարհը կը զարմանայ հայ ժողովուրդի յարութեան ի տես: Երբեմն նոյնիսկ մենք կը զարմանանք, թէ ինչպէ՛ս սուրիական անապատներէն ազատած խլեակները, իրենց արեան կանչին անսալով, Աստուա՜ծ կանչելով, դիմացան, ապրեցան, բազմացան, ընդհատուած հայ մշակոյթը տարիներու ընթացքին վերակենդանացուցին, հինը նորին կապեցին, դպրոցներով, եկեղեցիներով, ակումբներով ու մշակոյթի տուներով ազգի յարութիւնը ապահովեցին: Փա՜ռք բոլոր անոնց, որոնք մասնակից եղան այս բոլորին:

Սակայն մեր կորուստներու ցաւը մեղմելու շօշափելի միջոցներ փնտռելու փոխարէն` նախընտրուեցաւ օտարներու դռները թակել ու անոնց ողորմութեան սպասել: Ի՞նչ տուին մեզի,  ի՞նչ ստացանք: Խոստումնե՜ր… ի դիմաց անհաշուելի գումարներու: 2014 ապրիլ 24-ն ալ եկաւ ու անցաւ: Բաղդատաբար անցած ապրիլ 24-երուն, փոխանակ յառաջընթաց արձանագրելու, կորուստի, տեղատուութեան ենթարկուած գտանք մենք զմեզ: Յայտնօրէն, թուրքը, կանխամտածուած կերպով, Օսմանեան կայսրութեան օրերուն գծուած յստակ ծրագիրներով, Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի լրումէն առաջ որոշած է այս անգամ ուրիշներու ձեռքով առնուազն հարիւր տարի եւս Հայ դատ-ի գլխացաւէն ձերբազատիլ` մեզի ու համայն աշխարհին ցոյց տալով իր ուժը եւ շեշտելով մեր տկարութիւնը, աւելի ճիշդ` մեր անզօրութիւնը, լկտիօրէն շարունակելով հրեշտակի անմեղ դիմակով ծպտուած` կրկնել նոյն ուրացումները, նոր առաջարկներով փորձել ծուղակ ձգել մեզ, միեւնոյն ատեն թուրք պետութեան ամբողջ կարողականութիւնը օգտագործելով` նախ եւ առաջ ջլատել Թուրքիոյ սահմանամերձ հայկական գաղութները, այնպէ՛ս հարուածել զանոնք, որ վրան նստելու խսի՛ր իսկ չունենան ու իրենք զիրենք ազատելու համար ցրուին, հեռանան. այնքա՛ն հեռանան, որ անկարելի ըլլայ անոնց Միջին Արեւելք վերադարձը, եւ նոյն ատեն հեռացած պիտի ըլլան Թուրքիայէն իրենց իրաւունքները պահանջելու կարելիութենէն: Մեծ պետութիւնները, որոնց պարտականութիւնն է հսկել եւ արգիլել նման ընթացք, ինչպէս միշտ, այսօր ալ լո՜ւռ կը հետեւին թաւալող դէպքերուն:

Ընդունինք թէ ոչ, այս է կացութիւնը: Դժբախտաբար մենք աշխատեր ենք նախ,  բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելու, ապա, որքա՛ն կարելի է, բարելաւելու մեր նիւթական վիճակը: Կրթութիւն, դաստիարակութիւն, նախակրթարան, համալսարան, արուեստ ու արհեստ, միտքի կամ ձեռքի աշխատանք, բոլորն ալ ծառայած են ու տակաւին այսօր կը ծառայեն հանգիստ կեանք մը ապահովելու նպատակին: Անհատական գետնի վրայ ասիկա ընդունելի է եւ պէտք է դրուատել: Սակայն ընկերային, միութենական, կազմակերպչական, ազգային հաստատութիւն-կազմակերպութիւններու եւ ազգային կուսակցութիւններու պարագային, այս հասկացողութիւնը ընդունելի չէ՛, մանաւանդ անո՛նց համար, որոնք կը յաւակնին առաջնորդի դեր խաղալ, ըլլան կրօնական թէ աշխարհական:

Շուրջ երեք տարիէ ի վեր արտաքին ազդակներ Սուրիան վերածած են «ներքին» կռիւներու թատերաբեմի: Սուրիահայ մեր եղբայրներն ու քոյրերը, տեղացի իրենց արաբ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ դժոխային կեանք ապրելով հանդերձ, տոկացի՛ն: Սակայն ներկայիս, հիմա՛…

Մարտ 21, 2014-ին, լոյսը չբացուած, Թուրքիոյ իշխանութիւններու գիտութեամբ, թրքական բանակի թնդանօթներու հարուածներով պաշտպանուած, թրքական օդուժի օդանաւերու հովանիին տակ եւ թուրք զինուորներու առաջնորդութեամբ, հազարաւոր վարձկաններ «Սուրիական ազատ բանակ» անունին տակ խուժեցին Քեսապ` Հայկական Կիլիկիոյ թագաւորութենէն մնացած ու հայերով բնակուած միակ անկիւնը, աչքի փուշը` թուրք պետութեան: Քեսապցիք, իրենց վրայի հագուստներով կամ գիշերանոցով, ծովու եւ ցամաքի ճամբով փախուստ տուին դէպի Լաթաքիա, ուր կը մնայ անոնց մեծամասնութիւնը մինչեւ այսօր, թշուառ ու անտիրական վիճակի մէջ, օդէն կախուած, սպասելով իրեն տրուած խոստումին, թէ շուտով ետ` Քեսապ պիտի դառնան: Քանի մը օր է` գրաւողները հեռացած են դէպի թրքական սահմանգլուխի բարձունքները: Կրնան որեւէ վայրկեան ետ գալ, կամ բարձունքներէն ռմբակոծել ժողովուրդը: Քեսապը ապահով չէ՛. Քեսապը չէ՛ պաշտպանուած:

Տակաւին Քեսապը չազատագրուած, յայտնօրէն դարձեալ Թուրքիոյ դրդումով ու կազմակերպութեամբ, այս անգամ թիրախը դարձաւ Հալէպը, մանաւանդ` Հալէպի հայահոծ Նոր Գիւղի շրջանը: Կրկնութիւնը Քեսապի դէպքին: Թիրախը` հայ բնակչութիւնը, որ այս անգամ, դժբախտաբար, ունեցաւ զոհեր ու վիրաւորներ: Հալէպահայերն ալ փախան դէպի Լաթաքիա, գացին միանալու քեսապահայերուն եւ նախապէս արդէն հոն ճողոպրած Ղնեմիէէն, Եագուպիէէն եւ այլ շրջաններէ եկած հայերուն:

Հալէպը սուրիահայութեան ողնայարն է: Կարծէք մասնաւոր ծրագիր մը կայ Լաթաքիա հաւաքելու բոլոր սուրիահայերը: Արդեօ՞ք կարգը Լաթաքիոյ պիտի գայ: Իսկ յետո՞յ… Վստա՛հ ըլլանք, եթէ այս անգամ ալ թուրքը չյաջողի, ապա դարձեա՛լ պիտի սպասէ առիթին:

 

***

Ո՞վ տէր կը կանգնի այս ժողովուրդին: Ի՞նչ ձեւով մենք պիտի պատասխանենք մեր ոսոխին: Տակաւին ունինք միամիտներ կամ փառասէրներ կամ գրպանասէրներ, որոնք կը պնդեն, թէ այսօր թուրքը փոխուած է եւ կարելի է հասկացողութեան գալ անոր հետ:

Աշխարհի չորս ծագերէն, սուրիահայութեան արհաւիրքը մեղմելու համար, հայկական բոլոր գաղութներէն նիւթական ու բարոյական օգնութիւն հասաւ ու տակաւին կը շարունակուի հասնիլ: Ստորագրեալս` իբրեւ սուրիահայ եւ քեսապցի, ես ինծի իրաւունք կու տամ բոլոր սուրիահայերուն կողմէ ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնելու բոլորին:

Սուրիահայերուն կացութիւնը մէկ օրուան, մէկ ամսուան եւ, ո՜վ գիտէ, մէկ տարուան կամ աւելի հարց չէ: Միայն նիւթականով խնդիրը (խնդիրները) չի լուծուիր: Պէտք է աւելի հեռատես ըլլալ:

Ցարդ սփիւռքի մէջ հայապահպանման համար տարուած տեսակարար բոլոր աշխատանքները միայն գնահատել կարելի է: Թուրքի եաթաղանէն ազատած հայ մամիկներ, դեռ սուրիական անապատին մէջ, անօթի, ծարաւ, մոռնալով իրենց մարմնական ու հոգեկան ցաւերը հայապահպանման գործընթացին հիմը դրին, երբ աւազի վրայ այբ, բեն, գիմ սկսան սորվեցնելու հայ մանուկներուն: Մենք իննսունինը տարի եւ յաւիտեան, այդ մամիկներուն յիշատակը օրհնելով, գործը` աւելի ճիւղաւորուած, շարունակեցինք ու պիտի շարունակենք:

Այդ ուղղութեամբ իրագործուած բոլոր աշխատանքները եւ զանոնք իրագործողները բացարձակ գնահատանքի կ՛արժանացնենք:

Սակայն ներկայիս մենք աւելիին պէտք ունինք:

Հայ ժողովուրդը պէտք ունի իրեն յատուկ ու միայն իրեն համար ստեղծուած միջոցի մը: Առածը կ՛ըսէ. «Եթէ եղունգ ունիս, գլուխդ քերէ»: Ո՛չ ոք մեզ պիտի պաշտպանէ: Դատարկ խոստումներու համը առած ենք: Չմտածենք, որ ասկէ ետք կրնայ տարբեր ըլլալ: Մեծ պետութիւնները մեզմէ ո՛չ մէկ շահ ունին, որովհետեւ մենք ոչինչ ունինք իրենց տալիք: Փոքր ազգ մը` առանց հարստութեան, տկար ու անզօր: Ինչո՞ւ պիտի պաշտպանեն մեզ: Որովհետեւ մեր Դատը արդա՞ր է: ԱՐԴԱՐ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ… տկարին յատուկ քնաբեր դեղեր: Կարեւորը ԻՐԱՒՈՒՆՔն է, եւ իրաւունքը զօրաւորի՛նն է: Ուրեմն անհրաժեշտ է, որ մենք ազգովին զօրանանք, հզօրանանք: Մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենց, տեղին, մեզի պատգամեց. «Հա՛յ ժողովուրդ, քո զօրութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:

Այո՛, այդ հաւաքական ուժը դրսեւորուելու համար, պէտք ունի իրեն յատուկ ու միայն իրեն համար ստեղծուած միջոցի մը: Գիտութեան բոլոր մարզերուն մէջ առաջին կարգի մասնագէտներ շատ ունինք: Բոլո՛րն ալ բնականաբար իրենց մասնագիտութեամբ կը զօրացնեն այն երկիրը, ուր կ՛ապրին, եւ որուն քաղաքացիներն են: Վստահաբար անոնց մեծամասնութիւնը, եթէ ո՛չ բոլորը, սիրով պիտի յօժարի իր ազգին ալ օգտակար ըլլալ, եթէ այդ առնչութեամբ ունենայ իրեն դիմողներ, որոնք պաշտօնապէս լիազօրուած ըլլան հայ ժողովուրդէն:

Նախքան 2015-ի ապրիլ 24-ը. պէտք է լուծում մը գտնենք պաշտպանելու հայու ֆիզիքական գոյութիւնը ե՛ւ սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ: Չի՛ բաւեր ցոյցի համար ժողովներ ու համագումարներ կազմակերպել, ապա` հաղորդագրութիւն մը հրապարակել, կոչ մը ուղղել ու վե՛րջ: Հայ ժողովուրդը պէտք ունի անշահախնդի՛ր, անձնուրա՛ց, նուիրեա՛լ, գործունեա՛յ գէթ տասը բանիմաց ՃՇՄԱՐԻՏ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐներու, որոնք ոգի ի բռին աշխատին` գտնելու եւ քով քովի բերելու մեր թնճուկին լուծում մը տալու պատրաստ իրա՛ւ մասնագէտները:

Մենք պէտք ունինք այդ միջոցին. մեր շուրջը եղող նիւթերով պատրաստուած, պարզ` սակայն ազդու, որ կարենայ մեզ պաշտպանել մեր թշնամիներէն: Պէտք է ցոյց տանք աշխարհին, որ հակառակ մեր փոքր թիւին, ունինք մենք զմեզ պաշտպանելու կամքն ու միջոցը:

Փոքր ազգ մըն ենք այսօր, բայց մեծնալու, շատնալու ընթացքի մէջ ենք: Հայու անմրցելի ուղեղին հետ անոր անհատնում երեւակայութիւնը խառնելով` ես կը հաւատամ, որ մենք կը հզօրանանք ու մնալով հանդերձ օրինակելի քաղաքացի այն երկրին, ուր կ՛ապրինք, մեր ամբարած զօրութեամբ լսելի պիտի դառնանք:

Հայ ժողովուրդը ներկայացնող իբրեւ պաշտօնական մարմին, ըստ ինծի, կրնանք ունենալ միայն աւանդական մեր երեք կուսակցութիւններէն կազմուած, հաւատքո՛վ լեցուած ու մեր ժողովուրդի ապագային համար տոչորող ժողով մը, որուն ճիտի պարտքը պիտի ըլլայ գտնել մասնագէտները ու զանոնք գործի լծել: Որքա՜ն փափաքելի պիտի ըլլար, որ 2015-ի ապրիլ 24-էն առաջ թուրքին եռանդը ջլատելու եւ գոյատեւելու որոշումին շօշափելի փաստը անոր ներկայացնելու մեր նպատակին հասնէինք:

Թուլամորթութիւնը տկարներուն համար է: Հայ դատին յաղթանակը հայ ժողովուրդի զօրութեան մէջ է: Ո՛ւժն է, որ կը պարտադրէ ինքզինք: Օ՛ն, գործի ժամն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES